Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան վերջին նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը ծրագիրներ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Մըրատ նշեց նաեւ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է Պեքաայի, յատկապէս արեւմտեան Պեքաայի կարիքներն ու շրջանին մէջ իրագործուելիք բարգաւաճման ծրագիրները:
Նախագահ Աունի այցելուներէն եղաւ նաեւ նորընտիր երեսփոխան Միշել Տահեր: