Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Պահանջէ 32 Նախարար Հաշուող Կառավարութիւն Մը` Երկու Հայերով
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան ու Ալեքսանտր Մաթոսեան նոյնպէս խորհրդակցեցան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Խորհրդակցութեան աւարտին, երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ «վարչապետին յաջողութիւն մաղթելէ ետք, յոյս յայտնեցինք, որ ան չ՛աճապարեր կառավարութիւնը կազմելու իմաստով, որպէսզի դահլիճի կազմութեան ծուղակին մէջ չիյնանք»: «Հաւանաբար աւելի յարմար է, որ պէտք եղած ժամանակը առնենք եւ...


















