Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Աւստրալիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ աւստրալիացի իր պաշտօնակիցին` զօր. Մարք Պենսքինի հետ եւ քննարկեց երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները:
Կը նախատեսուի, որ զօր. Աուն հանդիպումներ ունենայ աւստրալիացի զինուորականներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան եւ աւստրալիական բանակներուն միջեւ զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:



