ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթին, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն մանրամասնութիւնները, տեղական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամաթ Աֆրամ երէկ կոչ ուղղեց Սուրիայէն Լիբանան ձրի ելեկտրական հոսանք տարհանելու: Ան հարց տուաւ, որ արդեօք սուրիացի տեղահանուածներուն կարիքները հոգալու շրջագիծին մէջ կարելի չէ՞ Լիբանանի համար Սուրիայէն 400 մեկաուաթ ելեկտրականութիւն ապահովել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էտկար Մաալուֆ յայտնեց, որ իշխանութեան մեկնարկի փուլը արդէն սկսած է` աւելցնելով, որ հզօր նախագահի տեսութիւնը կը վերաբերի նաեւ խորհրդարանի նախագահութեան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ իր սահմանադրութիւնը չյարգող երկրին անունը աւազակախումբ կը դառնայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է ըլլայ ներքին հարց, եւ այդ իմաստով ժողովրդային կամքը պէտք է դրսեւորուի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթի յատուկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպում մը ծրագրելու առումով: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Լիբանան ժամանած Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական պատուիրակ Նիզար Օլուլա մաղթեց, որ Ծոցի երկիրները առաջադրեն այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք կ՛ամրապնդեն լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները:


