Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ նշուեցաւ, որ հարաւային Լիբանանի ազատագրումին եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները, ինչպէս նաեւ դպրոցներն ու համալսարանները փակ կը մնան ուրբաթ, 25 մայիս 2018-ին:
Իսկ երկուշաբթի, 28 մայիս 2018-ին բոլոր դպրոցներուն, կրթական հիմնարկներուն եւ համալսարաններուն մէջ դասապահ մը կը տրամադրուի` բացատրելու համար ազգային այդ տօնակատարութեան կարեւորութիւնը: