Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իֆթար Նախագահական Պալատին Մէջ. «Սուր Ցեխարձակումներուն Պէտք Է Վերջ Տալ Եւ Իմաստուն Զրոյցի Սկսիլ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

May 24, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռամատանի առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ մայրամուտին նախագահական պալատին մէջ սարքեց իֆթար մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ իշխանութեան Բ. եւ Գ. պետերը` Նեպիհ Պըրրի եւ Սաատ Հարիրի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` նախկին նախագահներ Ամին Ժեմայէլ եւ Միշել Սլէյման, նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի, Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ, հոգեւոր պետեր, որոնց շարքին` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, մեծ թիւով երեսփոխաններ, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ զինուորականներ եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Նախքան իֆթարին սկսիլը, իշխանութեան երեք պետերը Պաապտայի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին այսօր տեղի ունենալիք վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Իֆթարի ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ այս առիթով սեղանին շուրջ հանդիպումը սրտերու լուացումի առիթ է` կոչ ուղղելով օգտագործելու այդ առիթը:

Ան նշեց, որ տարի մը առաջ իֆթարի ընթացքին ինք խոստացած է վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը եւ անոր հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` վերատիրանալու համար լիբանանցիներուն վստահութեան եւ բարելաւելու համար լիբանանցիներուն ներկայացուցչութիւնը:

«Սակայն երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրեակին տիրած սուր ընտրապայքարի ընթացքին արձանագրուեցան սուր քննադատութիւններ, որոնք քաղաքական եւ համայնքային լարուածութիւն ստեղծեցին, յատկապէս ընկերային ցանցերուն վրայ, ուր այդ ցեխարձակումները մօտեցան կարմիր գիծերուն», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց սուր ցեխարձակումներուն վերջ տալու եւ իմաստուն զրոյցի սկսելու:

Ան նշեց, որ յաջորդ քայլը ազգային միութեան կառավարութեան կազմութիւնն  է: «Կառավարութիւն մը, որ շրջանային եւ միջազգային կացութեան կրնայ դէմ դնել` պահպանելով ներքին լիբանանեան կայունութիւնը: Դահլիճ մը, որ կրնայ բարեկարգումներ կատարել, փտածութեան դէմ պայքարիլ, պետական վարչակարգը արդիականացնել: Հետեւաբար քաղաքական բոլոր ուժերը հրաւիրուած են դիւրացնելու նոր կառավարութեան կազմութիւնը», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն լուսարձակի տակ առաւ նաեւ երկրին տնտեսական իրավիճակը` շեշտելով, որ հարկ է տագնապալի այդ իրավիճակին համար եւս լուծում մը ապահովել, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը լուծել` անոնց տունդարձը ապահովելով, առանց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման սպասելու:

Նախագահ Աուն իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Վարչապետի Նշանակման Երեսփոխանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու Ժամանակացոյց

Յաջորդը

Հարաւային Քորէա. «Թրամփ-Ըն Հանդիպումը 99,9 Առ Հարիւրով Պիտի Կայանայ»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.