Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Այսօր Կը Կատարէ Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւնները

Մայիս 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր խորհրդարանին մէջ պիտի կատարէ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները:

Խորհրդարանին մէջ երեսփոխանական պլոքներուն հետ կատարուելիք խորհրդակցութիւնները պիտի ընթանան հետեւեալ ժամանակացոյցով.

– Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` ժամը 11:00-ին:
– Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի` ժամը 11:15-ին:
– Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ` ժամը 11:30-ին:
– Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի` ժամը 11:45-ին:

– Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոք` ժամը 12:00-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Նեպիհ Պըրրի, Անուար Խալիլ, Ալի Հասան Խալիլ, Ալի Խրէյս, Մոհամետ Նասրալլա, Եասին Ժապեր, Քասեմ Հաշեմ, Ալի Օսէյրան, Մոհամետ Խաուաժա, Ղազի Զաայթեր, Ալի Պեզզի, Միշել Մուսա, Հանի Քպայսի, Այուպ Հըմայէտ, Ինայա Իզէտտին, Իպրահիմ Ազար եւ Ֆատի Ալամէ:

– Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանական պլոք` ժամը 12:15-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Սաատէտտին Հարիրի, Նուհատ Մաշնուք, Ռուլա Թապշ, Նազիհ Նաժըմ, Մոհամետ Քապպարա, Հանրի Շտիտ, Պահիա Հարիրի, Թարեք Մերեհպի, Մոհամետ Սլէյման, Սամիր Ժսըր, Տիմա Ժամալի, Օսման Ալամէտտին, Սամի Ֆաթֆաթ, Ասեմ Արաժի, Մոհամետ Քարաաուի, Պաքր Հուժէյրի, Մոհամետ Հաժժար, Ուալիտ Պաարինի եւ Հատի Հպէյշ:

– Հզօր Լիբանան համախմբում` ժամը 12:30-ին:
Համախմբումին մաս կը կազմեն. Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան  երեսփոխաններ Ժըպրան Պասիլ, Իպրահիմ Քանաան, Էլի Ֆըրզլի, Նիքոլա Սահնաուի, Էտկար Թրապուլսի, Ժորժ Աթալլա, Սելիմ Աուն, Զիատ Ասուատ, Սելիմ Խուրի, Սիմոն Ապի Ռամիա, Շամել Ռուքոզ, Ռոժէ Ազար, Էտկար Մաալուֆ, Էլիաս Ապու Սաապ, Ալեն Աուն, Հիքմաթ Տիպ, Ասաատ Տըրղամ, Նաամաթ Աֆրամ, Մուսթաֆա Հիւսէյն, Անթուան Փանօ եւ Միշել Տահեր:

– Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոք` ժամը 12:45-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Մոհամետ Ռաատ, Ամին Շըրրի, Անուար Ժումաա, Իպրահիմ Մուսաուի, Հիւսէյն Հաժ Հասան, Ալի Մըքտատ, Իհապ Համատէ, Նաուաֆ Մուսաուի, Հիւսէյն Ժըշի,  Հասան Ֆատլալլա, Ալի Ֆայեատ, Ալի Ամմար եւ Ուալիտ Սըքքարիէ:

– Ժողովրդավարական հանդիպումի երեսփոխանական պլոք` ժամը 13:00-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Թայմուր Ժոմպլաթ, Մարուան Համատէ, Նաամէ Թոհմէ, Աքրամ Շեհայէպ, Հանրի Հըլու, Պիլալ Ապտալլա, Հատի Ապու Հասան, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ֆայսալ Սայեղ:

– Ազգային համախմբում պլոք` ժամը 13:15-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Ֆարիտ Խազեն, Թոնի Ֆրենժիէ, Ֆայսալ Քարամէ, Ըսթֆեն Տուէյհի, Ֆայեզ Ղոսըն, Մուսթաֆա Հիւսէյնի եւ Ժիհատ Սամատ:

– Հզօր հանրապետութիւն համախմբում` ժամը 13:30-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Անթուան Հապշի, Անիս Նասսար, Փիեռ Ապու Ասի, Ժան Թալուզեան, Ժորժ Ատուան, Ժորժ Օքէյս, Ժոզեֆ Իսհաք, Զիատ Հաուաթ, Սթրիտա Թոք, Շաուքի Տաքքաշ, Իմատ Ուաքիմ, Ֆատի Սաատ, Քայսար Մաալուֆ, Էտի Ապի Լամաա եւ Ուեհպէ Քաթիշա:

– Անկախ կեդրոնի պլոք` ժամը 13:45-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Նեժիպ Միքաթի, Ժան Օպէյտ, Նիքոլա Նահհաս եւ Ալի Տարուիշ:

– Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոք` ժամը 14:00-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ, Նետիմ Ժեմայէլ եւ Էլիաս Հանքաշ:

– Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոք ` ժամը 14:15-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Թալալ Արսլան, Սեզար Ապի Խալիլ, Մարիօ Աուն եւ Ֆարիտ Պուսթանի:

– Հայկական երեսփոխանական պլոք` ժամը 14:30-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան:

– Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխանական պլոք` ժամը 14:45-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Ասաատ Հարտան, Սելիմ Սաատէ եւ Ալպեր Մանսուր:

– Անկախութեան շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ` ժամը 15:00-ին:

– Անկախ երեսփոխաններ.
Միշել Մըր` ժամը 15:10-ին:
Ժամիլ Սէյիտ` ժամը 15:20-ին:
Ապտել Ռահիմ Մըրատ` ժամը 15:30-ին:
Ֆուատ Մախզումի` ժամը 15:40-ին:
Էտի Տեմիրճեան` ժամը 15:50-ին:
Ուսամա Սաատ` ժամը 16:00-ին:
Ատնան Թրապուլսի` ժամը 16:10-ին:
Փոլեթ Եագուպեան` ժամը 16:20-ին:

Վարչապետ Հարիրի- նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի

Այցելութիւններ Նախկին Վարչապետներուն

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի անցեալ շաբաթավերջին կատարեց նախկին վարչապետներուն աւանդական այցելութիւնները` ընկերակցութեամբ տեղեկատուական հարցերու իր խորհրդատուին` Հանի Համմուտի:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութիւնը արագ կազմելու եւ երկրին բարգաւաճման ի խնդիր գործելու անհրաժեշտութիւնը:

Սելիմ Հըսի Մօտ

Հարիրի այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապագային իմաստով անոր տեսլականը եւ բարեկարգումներ կատարելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ իրենք կը գործեն ի խնդիր երկրին գերագոյն շահերուն:

Հարիրի հաստատեց, որ նախորդ կառավարութիւնը կրցաւ շարք մը նուաճումներ իրագործել` շնորհիւ իր մէջ գոյութիւն ունեցող համախոհութեան, «հետեւաբար մենք նոյն հոգեբանութեամբ, դրական ներուժով եւ լաւատեսութեամբ պիտի ջանանք կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, եւ վստահ ենք, որ նուաճումներուն շարքը կրնանք երկարել», ըսաւ ան:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին` Հարիրի շեշտեց, որ շրջանային իրադարձութիւններն ու անոնց բանեցուցած ճնշումը պիտի արագացնեն Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:

Նեժիպ Միքաթիի Հետ

Վարչապետ Հարիրի այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան մասին քննարկումները պիտի շարունակեն այսօր` խորհրդակցութիւններուն ընթացքին:

Հարիրի նշեց, որ ինք եւ Միքաթի համաձայն էին, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի Լիբանանը տնտեսապէս հզօրացնելու իմաստով:

Հարիրի շեշտեց նաեւ, որ Միքաթիի հետ գործակցութիւնը աւելի եւս պիտի ամրապնդուի, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի բարգաւաճման առումով:

Ֆուատ Սինիորայի Բնակարանին Մէջ

Հարիրի ուղղուեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի բնակարանը, ուր քննարկեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ ինք միշտ կ՛անսայ Սինիորայի խորհուրդներուն` աւելցնելով, որ ան քաղաքական հսկայ փորձառութիւն ունի եւ միշտ իրեն պիտի զօրակցի:

Ան նշեց, որ Սինիորայի հետ քննարկած է երկրին տնտեսութեան վերաբերող հարցեր` ընդգծելով լիբանանցի երիտասարդներուն աշխատանք հայթայթելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Սինիորա յաջողութիւն մաղթեց Հարիրիին` հաստատելով, որ ինք կը վստահի նոր նշանակուած վարչապետին եւ Լիբանանի բարօրութիւնը իրականացնելու անոր կարողութիւններուն:

Թամմամ Սալամի Մօտ

Վարչապետ Հարիրի իր աւանդական այցելութիւնները աւարտեց այցելելով նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հետ քննարկեց յաջորդ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կարեւորութիւնը:

Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն հարցումին` Հարիրի շեշտեց, որ ինք անկարելի չի գտներ, որ Ֆիթրի տօնին առիթով նոր դահլիճը ըլլայ լիբանանցիներուն նուէրը` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը շատ հաւանաբար հիմնուած ըլլայ նախորդ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վրայ:

Իր կարգին, Սալամ հաստատեց, որ ինք միշտ պիտի զօրակցի վարչապետ Սաատ Հարիրիին:

Նախորդը

Մաքրոն. «Եթէ Ֆրանսայի Ձայնը Լսելի Չդառնար, Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Բռնկած Կ՛ըլլար»

Յաջորդը

Պըրրի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սէյիտ Նասրալլայի Հետ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?