Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Նամակներ Կը Յղէ Մոալլեմին Եւ Կութիերեսին

May 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընթացիկ գործերու կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին նամակներ յղեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին` մտահոգութիւն յայտնելով Սուրիոյ մէջ  4 ապրիլ 2018-ին հրապարակուած թիւ 10 օրէնքին ունենալիք հաւանական հետեւանքներուն մասին:

«Թիւ 10 օրէնքը, որ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ պատերազմէն տուժած եւ քանդումի ենթարկուած շրջաններու վերակառուցման ծրագիրին, կարեւոր է եւ կը քաջալերէ սուրիացիներուն տունդարձը: Սակայն Լիբանան մտահոգ է նաեւ, որ այդ օրէնքին գործադրութիւնը կրնայ խոչընդոտել մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը` դէպի իրենց բնակած շրջանները», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ թիւ 10 օրէնքին գործադրութեան շրջագիծին մէջ յայտարարուած աշխատանքային գործիքակազմը, որ օրէնքին հրապարակումէն ետք մէկ ամսուան ժամկէտ ճշդած է, որ սուրիացի տեղահանուածները ներկայանան կալուածներու յատուկ վարչութեան եւ ներկայացնեն Սուրիոյ մէջ իրենց սեփականութիւնը նկատուող կալուածներուն փաստաթուղթերը, անբաւարար է:

Ան աւելցուց, որ մէկ ամսուան ընթացքին կարելի չէ տեղահանուածները տեղեակ պահել, թէ սուրիական պետութեան կողմէ նման որոշում տրուած է:

Պասիլ զգուշացուց, որ եթէ տեղահանուած սուրիացիները չկարենան գործնապէս իրենց փաստաթուղթերը ներկայացնել, ապա անոնք կրնան իրենց կալուածները կորսնցնել եւ անկէ ետք կորսնցնել նաեւ իրենց ազգային ինքնութիւնը, ինչ որ կրնայ զրկել զիրենք Սուրիա վերադարձի հիմնական պատճառներէն:

Պասիլ մաղթեց, որ այս թղթածրարը Սուրիոյ կառավարութեան հոգատարութեան արժանանայ` հիմնուելով տեղահանուածներու տունդարձի իրաւունքը գործադրելու իմաստով թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ յանձնառութեան վրայ:

Պասիլ վերահաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ բնակեցումը արգիլելու իր սահմանադրական իրաւունքին, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնայ այն կեցուածքին, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը ունի մէկ լուծում, որն է` անոնց Սուրիա վերադարձը, առանց զայն ուղղակիօրէն առնչելու Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման հետ:

Միւս կողմէ, Կութիերեսին յղած իր նամակին մէջ Պասիլ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներու իրաւունքը պաշտպանել, ինչպէս նաեւ անոնց կալուածները պահպանել` գործակցելով սուրիական իշխանութիւններուն հետ: Ան կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին պատասխանատուութիւն ստանձնելու` թիւ 10 օրէնքին մասին Լիբանանի մէջ գտնուող բոլոր տեղահանուածները տեղեակ պահելու իմաստով:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ, որոնք առիթ չեն տար անոր սուրիացի տեղահանուածները այդ մասին տեղեկացնելու: Ան նշեց, որ այդ հարցին հիմնական պատճառը այն է, որ Լիբանան հասած տեղահանուած սուրիացիներու հարցերուն ծիրին մէջ ՄԱԿ գործադրած է ամուլ քաղաքականութիւն, որուն հետեւանքները շօշափելի են:

«ՄԱԿ զլացած է տեղահանուածներուն մասին Լիբանանի կառավարութեան պահանջած տեղեկութիւնները յանձնել անոր, ինչպէս նաեւ գործած է ոչ թափանցիկ կերպով` բարդացնելով սուրիացի տեղահանուածներուն հետ ուղղակի կապ հաստատելու եւ գործակցելու հոլովոյթը: Այս բոլորին կողքին սուրիացի տեղահանուածներուն մասին տեղեկութիւններու եւ անոնց գտնուած վայրերուն մասին յստակ տեղեկութիւններ գոյութիւն չունին», նշեց Պասիլ:

Ան կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին տեղահանուածներուն գծով իր քաղաքականութիւնը բարելաւելու եւ վերջ տալու` իրենց տուները կամ Սուրիոյ ապահով վայրերը վերադառնալ փափաքող տեղահանուածներուն մօտ Սուրիոյ կացութեան մտահոգիչ ըլլալուն մասին կասկածներ սերմանելու քաղաքականութեան:

Մոալլեմին եւ Կութիերեսին յղած իր զոյգ նամակներուն մէջ Պասիլ շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները կ՛աշխատին որդեգրել լիբանանեան քաղաքականութիւն մը, որ կը քաջալերէ եւ կ՛երաշխաւորէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն, Պըրրի Եւ Սէյիտ Նասրալլա Կը Շնորհաւորեն Լիբանանցիները` Հարաւի Ազատագրման Եւ Դիմադրութեան Տօնին Առիթով

Յաջորդը

Մաքրոն. «Եթէ Ֆրանսայի Ձայնը Լսելի Չդառնար, Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Բռնկած Կ՛ըլլար»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.