Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաատ Հարիրի Նշանակուեցաւ Վարչապետ

Մայիս 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի նշանակման նպատակով երէկ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած միօրեայ երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները աւարտեցան Սաատ Հարիրիի վարչապետ վերանշանակումով:

Առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 տեւած խորհրդակցութիւնները աւարտեցան համախոհական արդիւնքով:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպած` խորհրդարանը բաղկացնող 128 երեսփոխաններէն 111-ը զօրակցութիւն յայտնեցին Հարիրիի վարչապետ նշանակումին:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հարիրի հրաւիրուեցաւ նախագահական պալատ, ուր ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ, որ զայն նշանակեց վարչապետ` համաձայն խորհրդակցութիւններու արդիւնքներուն:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ իրեն համար պատիւ է Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կազմելու պարտականութիւնը ստանձնել` աւելցնելով, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու համար ազգային միասնականութեան կառավարութիւն` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապալի կացութիւնը:

Ան նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի օր, խորհրդարանին մէջ, իսկ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ազգային միասնականութեան ընդարձակ կառավարութիւն:

Հարիրի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին պարտականութիւններէն պիտի ըլլան սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը, բարեկարգումներու գործադրութիւնը եւ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան կառչածութիւնը:

Ան հաստատեց, որ ինք գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ Լիբանանը բաղկացնող քաղաքական բոլոր ուժերուն, որպէսզի իրագործէ լիբանանցիներուն փափաքները:

Հարիրի ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն մօտ շօշափած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու լրջութիւնն ու մտադրութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն միջեւ հասարակ յայտարարները աւելի ծանր կը կշռեն, քան` այդ կողմերը բաժնող գործօնները:

Ան անհրաժեշտ նկատեց փտածութեան դէմ մղուելիք պայքարը` աւելցնելով, որ այդ մասին նախագահ Աունի կատարած նախանցեալ օրուան յայտարարութիւնը շատ կարեւոր է եւ պէտք է անոր վրայ հիմնուիլ:

Աւելի ուշ Հարիրի թուիթըրեան գրառումով մը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր երեսփոխաններուն, որոնք իրենց վստահութիւնը շնորհած են իր անձին` նոր կառավարութիւնը կազմելու նպատակով: Ան մաղթեց, որ այդ առաքելութիւնը կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին իրականանայ` Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն համար:

Միւս կողմէ, առաւօտեան խորհրդակցութիւնները սկսած էին նաեւ նախագահ Աունի եւ Հարիրիի միջեւ հանդիպումով մը, որ արարողակարգային էր եւ որմէ ետք Հարիրի յոյս յայտնած էր, որ խորհրդակցութիւնները դրականօրէն ընթանան:

Ապա նախագահ Աուն ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ յայտնեց, թէ Լիբանանի դիմագրաւած ներքին եւ շրջանային մարտահրաւէրները նկատի ունենալով, ինք կ՛առաջադրէ Հարիրիի թեկնածութիւնը, որպէսզի ան կազմէ յաջորդ կառավարութիւնը:

Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի նոր փուլի մը դիմաց` մաղթելով, որ անիկա ըլլայ փայլուն փուլ մը` նկատի ունենալով Հարիրիի փայլուն անձնաւորութիւնը: Ան առաջադրեց Հարիրիի անունը` հաստատելով, որ ինք Մուսթաքպալ հոսանքի դաշնակիցն է:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, որ յայտնեց, թէ ինք կը զօրակցի Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան:

Նախագահ Աուն ընդունեց Մուսթաքպալի պլոքը, որուն անունով երեսփոխան Պահիա Հարիրի զօրակցութիւն յայտնեց Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան:

Պահիա Հարիրի շեշտեց, որ պլոքը շնորհաւորած է հանրապետութեան նախագահը` երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումին առիթով, մաղթելով, որ կառավարութեան մէջ կիները որոշ համեմատութեամբ մը ներկայացուին:

Հզօր Լիբանան համախմբումը, հանդիպելէ ետք նախագահ Աունի հետ, զօրակցութիւն յայտնեց Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենց այս կեցուածքը համահունչ է երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հետ` նկատի ունենալով Մուսթաքպալի ապահոված ամէնէն ընդարձակ ներկայացուցչութիւնը: «Այս սկզբունքը կը համընկնի Լիբանանի Ազգային ուխտի սկզբունքներուն, որոնց պահպանումին համար մեր համախմբումը պայքարած է», ըսաւ ան:

Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքը, հանդիպում մը ունենալէ ետք նախագահ Աունի հետ, զօրակցութիւն յայտնեց Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան: Պլոքին անունով երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ պլոքը առաջադրած է Հարիրիի անունը:

Անկախութեան շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ իր կարգին առաջարկեց Հարիրին նշանակել վարչապետ:

Մուաուատ մաղթեց, որ Հարիրիի նշանակումով կարելի ըլլայ ամէնէն մօտիկ ապագային կառավարութիւն կազմել:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը նախագահ Աունի հետ խորհրդակցելէ ետք ոչ ոքի անուն առաջադրեց վարչապետի պաշտօնին համար:

Երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը վարչապետի թեկնածութեան համար ոչ ոքի անուն կ՛առաջադրէ, սակայն պատրաստ է մաս կազմելու յաջորդ կառավարութեան եւ գործակցելու այն վարչապետին հետ, որուն կը նշանակէ խորհրդարանին մեծամասնութիւնը:

Ռաատ պահանջեց նոր կառավարութեան մէջ ծրագրաւորումի նախարարութիւն մը յառաջացնել:

Ազգային համախմբում պլոքին անունով Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ իրենք որոշած են զօրակցիլ Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան, զօրակցելու համար երկրին համախոհութեան եւ հիմնուելով բոլորին հետ գործակցելու տրամադրութեան վրայ:

Ժողովրդավարական հանդիպումի երեսփոխանական պլոքը, հանդիպելէ ետք նախագահ Աունի հետ, զօրակցեցաւ Հարիրիին:

Երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը բարեկարգումի իսկական քայլերու նախաձեռնէ:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Անկախ կեդրոնի պլոքը:

Խորհրդակցութիւններէն ետք պլոքին անունով երեսփոխան Ժան Օպէյտ յայտնեց, թէ իրենք որոշած են զօրակցիլ Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան:

Նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխան Ասաատ Հարտան յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնին համար իրենց թեկնածուին անունը յանձնած են նախագահ Աունին:

Հզօր հանրապետութիւն համախմբումին համար նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութեան նպատակով ճշդուած ժամուն նախագահական պալատ այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Հզօր հանրապետութիւն պլոքը առաջադրած է Հարիրիի անունը` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի փրկութեան հսկայ ծրագիրի մը:

Ան աւելցուց, որ Հզօր հանրապետութիւն պլոքը խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակէ վարչապետին հետ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի շրջագիծին մէջ:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը զօրակցի Սաատ Հարիրիին` նկատի ունենալով, որ ան միակ թեկնածուն է:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք զրոյց մը ունեցած է Հարիրիի հետ եւ դրական տպաւորուած` նկատի ունենալով, որ Հարիրի շեշտած է, թէ լիբանանեան պետութիւնը կը ծրագրէ միջազգային խորհրդաժողովներուն ընթացքին իր կատարած բարեկարգումի բոլոր խոստումները գործադրել:

Ժեմայէլ նշեց նաեւ, որ ինք դրականօրէն տպաւորուած է նաեւ նախանցեալ օր նախագահ Աունի արտասանած խօսքէն, հետեւաբար Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը որոշած է դրական ըլլալ եւ նոր կառավարութեան գործելու առիթ տալ, ապա կատարուած աշխատանքին հիման վրայ հաշուետուութեան կանչել:

Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ անկախ երեսփոխաններ Միշել Մըր, Ֆուատ Մախզումի, Էտի Տեմիրճեան եւ Ատնան Թրապուլսի, որոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ ինք զանազան պատճառներով մերժած է Հարիրիի անունը առաջադրել վարչապետի պաշտօնին համար:

Իր կարգին, երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ նշեց, որ ինք ոչ ոքի անուն առաջադրած է վարչապետի պաշտօնին համար: Ան ըսաւ, թէ Հարիրի աւելի քան հարիւր ձայնով պիտի դառնայ վարչապետ, «եւ եթէ իմ ձայնիս կարիքը ունենար, չէի զլանար», աւելցուց ան:

Երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ վարչապետի իր թեկնածուին անունը յանձնած է նախագահ Աունին, իսկ Փոլեթ Եագուպեան յայտնեց, որ ոչ ոքի անուն առաջադրած է վարչապետի պաշտօնին համար:

Նախագահ Աուն երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները աւարտեց Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքին հետ հանդիպումով` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Անուար Խալիլ շեշտեց, որ պլոքը վարչապետի պաշտօնին համար Սաատ Հարիրիի անունը առաջադրած է:

Ապա նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Պըրրիի հետ, եւ Հարիրի հրաւիրուեցաւ նախագահական պալատ:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ազգային միասնականութեան ընդարձակ կառավարութիւն:

Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը կազմելու հոլովոյթը պէտք չէ երկար տեւէ` նկատի ունենալով, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը տագնապալի է:

Պըրրի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի, 28 մայիսին, խորհրդարանին մէջ:

 

Նախորդը

Արմէն Սարգսեան. «Արտակարգ Ընտրութիւնները Պէտք Է Որոշէ Ժողովուրդն Ու Ազգային Ժողովը»

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Զօրակցութիւն Յայտնեց Հարիրիին

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?