25 մայիսին զուգադիպող Հարաւի ազատագրումին եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորեց լիբանանցիները:
Նախագահ Աուն թուիթըրեան գրառումով մը ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք համբերեցին, գոյատեւեցին, պաշտպանեցին, դիմադրեցին եւ իրենց արեամբ շաղախեցին հողը` մինչեւ անոր ազատագրումը:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այս առիթով շնորհաւորեց լիբանանցի ժողովուրդը, բանակն ու Դիմադրութիւնը` շեշտելով, որ հայրենի հողին ազատագրումին համար ինկած իւրաքանչիւր նահատակ լիբանանեան դրօշի մայրին կը ներկայացնէ: «Մեր միասնականութեան զէնքը պիտի ըլլայ բռնագրաւուած մնացեալ հողերն ու ջուրերը ազատագրելու երաշխիքը», աւելցուց ան:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Հարաւի ազատագրումին առիթով շնորհաւորեց Դիմադրութեան մարտիկները եւ անոնց զոհողութիւնները` հայրենի հողը ազատագրելու նպատակով:
Ան նշեց, որ Դիմադրութեան մարտիկներուն կողքին պէտք չէ մոռնալ լիբանանեան բանակը, ապահովութեան ուժերը, պաղեստինեան խմբաւորումներն ու սուրիական բանակը:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ 25 մայիսին էր, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչները փաստեցին, թէ իրենց վայել է ազատութիւնն ու հողերը ազատագրելու յաղթանակը, ինչպէս նաեւ քաղաքակիրթ կերպով իրենց տունդարձն ու վրէժխնդրութիւնը մէկդի դնելով կեանքը շարունակելու առաքինութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ Դիմադրութեան անդամներուն դէմ որդեգրուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն` ընդգծելով, որ ասիկա ամերիկեան-իսրայէլեան ուղեգիծ մըն է, որուն կը մասնակցին Ծոցի կարգ մը երկիրներ: Ան աւելցուց, որ այդ անհատները լիբանանցիներ են, եւ լիբանանեան պետութիւնն ու կառավարութիւնը պատասխանատու են անոնց: «Այս ուղեգիծին հիմնական նպատակն է Դիմադրութեան զօրակցող միջավայրին վրայ ճնշում բանեցնել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը ազգային գաղափարաբանութիւն ունի եւ դատի մը համար կը պայքարի, ու պատրաստ է ամէնէն դժուար պայմաններուն տակ գոյատեւելու` ի խնդիր իր դատին լուծման:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ քաղաքական եւ դրամական շրջափակումն ու սպառնալիքները ոչ մէկ ձեւով կրնան ազդել Դիմադրութեան զօրութեան վրայ եւ ոչ մէկ ձեւով կրնան խոցել Դիմադրութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն շահերուն համար պէտք է կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմուի` հերքելով բոլոր այն ապատեղեկատուութիւնները, թէ Հըզպալլա պիտի բարդացնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա պիտի շեշտէ ծրագրաւորումի նախարարութիւն մը ստեղծելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն Հըզպալլա իր դաշնակիցներուն հետ պիտի սկսի լուրջ խորհրդակցութիւններու` փտածութեան դէմ մղուելիք պայքարին գծով: Ան նշեց, որ ինք անձամբ պիտի հետեւի այդ պայքարին, որուն համար կազմուած է մարմին մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի:
Ան նշեց, որ այս տարի «Երուսաղէմի օր»-ը պէտք է իւրայատուկ ըլլայ եւ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւէ` նկատի ունենալով Երուսաղէմի կրած տառապանքը` զայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Իսրայէլի մայրաքաղաքը յայտարարելէ ետք: