Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մթնոլորտը Դրական Է, Եւ Կը Յուսանք, Որ Կառավարութիւնը Դիւրաւ Կարելի Ըլլայ Կազմել» Շեշտեց Վարչապետ Սաատ Հարիրի

Մայիս 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ անոր ներկայացուց օր մը առաջ իր կատարած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն մօտ դրական կեցուածք գոյութիւն ունի, «եւ իբրեւ այդպիսին լաւատես ենք, որ կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ժամանակամիջոցին կարելի պիտի ըլլայ կազմել», ըսաւ ան:

Հարիրի նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է մանրամասնութիւններ, եւ երկուքով նախընտրած են խորհիլ եւ միտքերը յստակացնել, որպէսզի կարենան լաւագոյն ձեւով կազմել նոր կառավարութիւնը:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ հիմնական աշխատանքը կառավարութեան արագ կազմութիւնն է:

Ան հաստատեց, որ ինք յանձնառու է կառավարութեան մէջ համախոհութեան պահպանումին` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը Մուսթաքպալ հոսանքն է եւ կարելի չէ անոր գոյութիւնը կասկածի տակ առնել:

Ուշ գիշերին Հարիրի քանի մը օրով մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա:

Վարչապետին Խորհրդակցութիւնները

Վարչապետ Հարիրի նախանցեալ օր խորհրդարանին մէջ կատարեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին:

Ապա ան հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ ինք չի փափաքիր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով աճապարել, հակառակ անոր որ քաջ կը գիտակցի, թէ երկիրը խիստ կարիքը ունի գործադիր իշխանութիւն ունենալու:

Ան համաձայնութիւն յայտնեց երեսփոխանի պաշտօնը նախարարի պաշտօնէն անջատելու յղացքին:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի վարչապետին հետ հանդիպելէ ետք յոյս յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները հեզասահութեամբ շարունակուին եւ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմուի, «սակայն կարելի չէ խորհրդարանը պատկերացնել առանց ընդդիմութեան», ըսաւ ան:

Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Հարիրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք պլոքին անունով երեսփոխան Անուար Խալիլ շեշտեց, որ իրենք պահանջած են ուժային նախարարութիւն մը` աւելցնելով, որ 17 երեսփոխան հաշուող իրենց պլոքը իրաւունք ունի ներկայացուելու չորս նախարարով:

Խալիլ նշեց նաեւ, որ իրենք կառչած կը մնան «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին` Իսրայէլին դիմադրելու նպատակով:

Հարիրի ընդունեց նաեւ իր նախագահած պլոքը` Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանական պլոքը, որուն անունով Պահիա Հարիրի յայտնեց, թէ անհրաժեշտ է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի զարթօնքն ու բարգաւաճումը ապահովել:

Հարիրի ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան  երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ իբրեւ ուժային նախարարութիւն` իրենք կրնան ներքին գործոց կամ ելեւմուտքի նախարարութիւնները ստանձնել, նկատի ունենալով, որ 2005-էն ի վեր իրենք զրկուած են այդ նախարարութիւնները ստանձնելէ:

Պասիլ յայտնեց, որ իրենք պահանջած են նաեւ, որ ալեւի եւ ասորի համայնքները ներկայացուին կառավարութեան մէջ:

Հարիրի ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ պլոքը պահանջած է կշիռ ունեցող նախարարութիւն մը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած է մտածելու ծրագրաւորումի նախարարութեան կազմութեան մասին:

Ռաատ յաջողութիւն մաղթեց վարչապետ Հարիրիի, անոր ստանձնած պարտականութեան մէջ:

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը այցելեց վարչապետին, որուն հետ խորհրդակցելէ ետք, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ պիտի մնան` նկատի ունենալով, որ իրենք ոչ մէկ նախարարութիւն պահանջած են:

Հարիրի խորհրդակցեցաւ նաեւ Ազգային համախմբում պլոքին հետ: Հանդիպումէն ետք պլոքին անունով երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ պլոքը պահանջած է ներկայացուիլ երկու նախարարով, որոնցմէ մէկը` քրիստոնեայ, իսկ միւսը` իսլամ:

Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը, տեսակցելէ եւ խորհրդակցելէ ետք վարչապետ Հարիրիի հետ, հաստատեց, որ կառավարութեան մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցչութիւնը պէտք է համազօր ըլլայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ներկայացուցչութեան:

Համախմբումին անունով երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ իրենք եւս հանրապետութեան նախագահին բաժինը կը նկատուին նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ:

Անկախ կեդրոնի պլոքի երեսփոխան Ժան Օպէյտ յայտնեց, որ պլոքը հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Հարիրիի հետ եւ մաղթեց, որ կառավարութիւնը կարելի եղածին չափ մեծ ըլլայ, որպէսզի անիկա յաւելեալ կերպով ընդառաջէ մարդոց կարիքներուն:

Հարիրի ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը, որուն անունով երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին գիտնալ կառավարութեան ծրագիրն ու առաջնահերթութիւնները եւ ըստ այնմ կեցուածք որդեգրել` մասնակցութեան առումով:

Ժեմայէլ նշեց, որ իրենք կը փափաքին երկրին մէջ լաւատեսութիւնը պահպանել` աւելցնելով, որ իրենք դարձեալ պիտի խորհրդակցին վարչապետ Հարիրիի հետ:

Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ Հարիրիի հետ: Հանդիպումէն ետք Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին վկայել տիւրզի համայնքի արդար իրաւունքին վերադարձին` աւելցնելով, որ Լեռնալիբանանը երկու երեսփոխանական պլոք ունի, եւ բոլորը պէտք է ներկայացուին իրենց նախարարով:

Հարիրի ընդունեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը, որուն անունով երեսփոխան Ասաատ Հարտան պահանջեց քաղաքապետարաններու, ծրագրաւորումի եւ արտերկրի լիբանանցիներուն նախարարութիւններու ստեղծումը:

Անկախութեան շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ Հարիրիի հետ խորհրդակցելէ ետք յայտնեց, որ պէտք է աշխատիլ` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը: Ան նշեց, որ պաշտպանութեան ռազմավարութեան կողքին կառավարութիւնը պէտք է սերտէ նաեւ բարգաւաճման ռազմավարութիւնը:

Երեսփոխան Միշել Մըր ներում հայցեց խորհրդակցութիւններուն չմասնակցելուն համար:

Իր կարգին, երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ խորհրդակցութիւններէն ետք յայտնեց, որ ինք զգացած է, թէ Հարիրի իրենց միջեւ անցեալի տարակարծութիւնները մէկդի դրած է: Ան աւելցուց, որ ինք նախարարութիւն չէ պահանջած, պարզապէս խնդրած է քաղաքական իրենց ուժերը նկատի ունենալ` արդարութեան նախարարութեան ստանձնումին առումով` վանելու համար սուտ վկաներու թղթածրարը:

Վարչապետին հետ հանդիպելէ ետք, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ մաղթեց, որ Արեւմտեան Պեքաային նախարարութիւն մը յատկացուի:

Իր կարգին, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի Հարիրիի հետ խորհրդակցութեան ընթացքին պահանջեց պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը խորհրդարանին մէջ քննարկել:

Երեսփոխան Էտի Տեմիրճեան Հարիրիի հետ խորհրդակցութեան ընթացքին յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կը կազմուի` նկատի ունենալով երկրին տնտեսական տագնապալի իրավիճակը:

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ երեսփոխան Ուսամա Սաատը, որ յայտնեց, թէ նախարարութիւններու բաշխումէն աւելի կարեւոր է կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային ծրագիրը:

Երեսփոխան Ատնան Թրապուլսի, խորհրդակցելէ ետք Հարիրիի հետ, հաստատեց, որ պէտք է ըլլայ ազգային համերաշխութեան կառավարութիւն մը` մաղթելով, որ նախարարաց խորհուրդին կազմութեան հոլովոյթը կարճատեւ ըլլայ:

Երեսփոխան Փոլեթ Եագուպեան վարչապետին հետ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին յայտնեց, որ փոփոխութիւնը եւ բարեկարգումը կը սկսի սեղմ կառավարութեամբ:

Խորհրդակցութիւններէն ետք վարչապետ Հարիրի խորհրդարանէն յայտնեց, որ քաղաքական ուժերը գործակցելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերած են` կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը դիւրացնելու առումով:

Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը  ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին կազմելու կարելիութիւնը մեծ է:

Հարիրի Նախագահեց Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստին

Միւս կողմէ, նշենք, որ վարչապետ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը ողջունած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնց հիմամբ Սաատ Հարիրի դարձեալ նշանակուած է վարչապետ:

«Հարիրիի անձին շուրջ վստահութեան վերահաստատումը կը փաստէ, որ երկրին քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով անոր նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ զօրակցութիւն գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:

Ֆաթֆաթ նշեց նաեւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները կ՛ենթադրեն կառավարութեան արագ կազմութիւնը` վերջ դնելով ներքին քաղաքական տարակարծութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց Ֆուատ Մախզումիի

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Պահանջէ 32 Նախարար Հաշուող Կառավարութիւն Մը` Երկու Հայերով

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?