Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Որոշումով Կարգ Մը  Անձնաւորութիւններու Լիբանանեան Քաղաքացիութեան  Շնորհումը Փոթորկեցուց Երկրին Քաղաքական Կեանքը

Նախագահ Աունի Որոշումով Կարգ Մը Անձնաւորութիւններու Լիբանանեան Քաղաքացիութեան Շնորհումը Փոթորկեցուց Երկրին Քաղաքական Կեանքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ սուրիացի գործարարներու լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումը դարձաւ երկրին շաբաթավերջը յուզող հիմնական թղթածրարը: Մինչ քաղաքական տարբեր ուժեր մեղադրական յայտարարութիւններ կատարեցին նախագահ Աունի առած այդ քայլին վերաբերեալ, նախագահ Աուն յայտնեց. «Հակառակ անոր որ քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումը օրինական կերպով հրապարակուած է, սակայն նկատի ունենալով, որ քաղաքացիութիւն ստացող անձնաւորութիւններուն վերաբերեալ կասկածներ կան եւ մեկնելով այդ կասկածները փարատելու մեր...

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Ժոմպլաթի

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ժոմպլաթի

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա երէկ երեկոյեան այցելեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի: Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը աւելի ուշ յայտնեց, որ հանդիպումը դրական էր:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Համասի մէկ պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաղեստինցի գաղթականներուն եւ Պաղեստինեան դատին վերաբերող հարցեր: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հոլովոյթը մօտիկ ապագային պիտի սկսի: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութեան յաջորդ կազմին մէջ ներառուին տնտեսագէտներ: Ան նշեց, որ փոխվարչապետի դերակատարութիւնը` վարչապետին գործունէութեան...

Պըրրի Ընդունեց Դեսպան Մկրտչեանը  Եւ ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Անձնակազմը

Պըրրի Ընդունեց Դեսպան Մկրտչեանը Եւ ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Անձնակազմը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի շնորհաւորագիրը յանձնեց անոր: Դեսպան Մկրտչեան Պըրրին շնորհաւորեց խորհրդարանի նախագահ վերընտրուելուն առիթով: Հանդիպումը եղաւ առիթ մը քննարկելու լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: ՀՄԸՄ Իր Արձանագրած Յաղթանակները Նուիրեց Պըրրիին ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի մէկ...

«Փտածութեան Թղթածրարին Առումով  Շատ Խիստ Պիտի Գտնուինք»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Փտածութեան Թղթածրարին Առումով Շատ Խիստ Պիտի Գտնուինք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն լուծումը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է շարունակել Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդումն ու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի երաշխաւորումը: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ յաջորդ կառավարութեան համար բարեկարգումները...

«Մինչեւ Ֆիթրի Տօնը Կառավարութիւնը  Կազմուած Պիտի Ըլլայ»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Մինչեւ Ֆիթրի Տօնը Կառավարութիւնը Կազմուած Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին ոչ մէկ սէուտցի պատասխանատուի հետ հանդիպում ունեցած է, որովհետեւ ինք ընտանեկան արձակուրդի մէջ է Ռիատի մէջ, իսկ սէուտցի պաշտօնատարները Ժետտա կը գտնուին: Վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ինք ոչ ոքի հետ հաղորդակցած է` աւելցնելով, որ յառաջիկայ ժամերուն ընթացքին Պէյրութ վերադառնալէ ետք, շուտով պիտի...

Քարամէ. «Լիբանան Կարիքը Ունի Ազգային Համախոհութեան Կառավարութեան, Եւ Այդ Իմաստով Լաւատես Ենք»

Իր հօրեղբօր` նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան 31-ամեակին առիթով, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ երէկ հաստատեց, որ երկիրները կարելի չէ հիմնել սպանութեան հիման վրայ` աւելցնելով, որ Ռաշիտ Քարամէի սպանութիւնը անցեալին մաս չի կազմեր, այլ ապագային: Ան նշեց, որ իր հօրեղբօր նահատակութենէն 31 տարի ետք, իրենք Իսրայէլի հետ ամէն տեսակի հաշտութիւն կը վկայեն: Նոյն առիթով Ֆայսալ Քարամէ վերահաստատեց, որ Ռաշիտ Քարամէն սպաննած ոճրագործին...

Ռիաշի. «Զօր. Աուն Հանրապետութեան  Նախագահ Ընտրուեցաւ Մեհրապի  Համաձայնութեան Շնորհիւ»

Ռիաշի. «Զօր. Աուն Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրուեցաւ Մեհրապի Համաձայնութեան Շնորհիւ»

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` քննարկելու համար լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Ռիաշի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ Մեհրապի համաձայնութեան շնորհիւ: Ռիաշի աւելցուց, որ իրենք եւս ներկայ իշխանութեան գործընկերներն են: Անդրադառնալով օտարահպատակներու լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումին` Ռիաշի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը այդ որոշումը պիտի վիճարկէ`...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Պըրնել Տահլըր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց հարաւային...

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Պաալպեք-Հերմելի  Ապահովական Իրադարձութիւններուն

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Պաալպեք-Հերմելի Ապահովական Իրադարձութիւններուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յաջողութեան իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց պետական քննութիւններուն ներկայացող բոլոր աշակերտներուն: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը եւ Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրը, որոնց հետ քննարկեց Պաալպեքի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակն ու արձանագրուած խախտումները: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ քաղաքական ղեկավարութիւններուն եւ ապահովական հեղինակութիւններուն հետ պիտի կատարուին շարք մը հանդիպումներ, որպէսզի...

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Իրավիճակի  Օրինականացումը Չ՛ենթադրեր Լիբանանի Մէջ Անոնց Մնայուն Կեցութիւնը»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Իրավիճակի Օրինականացումը Չ՛ենթադրեր Լիբանանի Մէջ Անոնց Մնայուն Կեցութիւնը» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու Ժտէյտէի նորակառոյց կեդրոն, ուր յայտնեց, թէ այդ կեդրոնը լաւագոյն օրինակն է` լիբանանեան պետութեան եւ քաղաքացիական ընկերութեան միջեւ կապը լրացնելու: Իպրահիմ շեշտեց, որ յետ այսու Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն համար հիմնուելիք որեւէ կեդրոն պիտի ըլլայ Ժտէյտէի այս կեդրոնին օրինակով: Ան նշեց, որ կեդրոնին մէջ շրջելէ եւ անոր աշխատանքները ստուգելէ...

«Լիբանան, Պաղեստինցիներն Ու Արաբները  Պըրրիի Կարիքը Ունին»  Շեշտեց Ռըշք

«Լիբանան, Պաղեստինցիներն Ու Արաբները Պըրրիի Կարիքը Ունին» Շեշտեց Ռըշք

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Համասի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Համասի քաղաքական գրասենեակի արաբական եւ իսլամական յարաբերութիւններու պատասխանատու Իզզաթ Ռըշքի: Ռըշք յայտնեց, որ Պըրրին շնորհաւորած են Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու եւ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու առումով, ինչպէս նաեւ անոր` խորհրդարանի նախագահ վերընտրութեան առիթով: «Պըրրի արժանի է այդ պաշտօնին: Լիբանան, պաղեստինցիներն ու արաբները Պըրրիի եւ անոր դերակատարութեան կարիք ունին», հաստատեց...

Լասըն Այցելեց Մուաուատին

Լասըն Այցելեց Մուաուատին

Լիբանանի մէջ Եւրոպական միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն երէկ այցելեց Անկախութեան շարժումի ղեկավար, երեսփոխան Միշել Մուաուատին: Լասըն շնորհաւորեց Մուաուատը` անոր ընտրութեան առիթով եւ անոր հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ բարգաւաճման մարզերու զարգացումները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի օժանդակութեան յատուկ «Սետր»-ի եւ «Հռոմ»-ի միջազգային խորհրդաժողովներէն օգտուելու հնարաւորութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ կ՛իյնան նաեւ Լիբանանի մէջ բարեկարգումներու...

Հասան Ֆատլալլա. «Ոչ Մէկ Դեսպանատուն  Իրաւունք Ունի Մեր Ներքին  Ապահովութեան Միջամուխ Դառնալու»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Հաստատեց Փտածութեան Դէմ Պայքարի Առաջնահերթութիւնը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` զօրակցելու կառավարութեան արագ կազմութեան: Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդալու ընթացքին շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը իրենց համար առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է յանձնառու ըլլայ փտածութիւնը ճնշելու` անոր բոլոր երեսներով: Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը աւարտելէ ետք Փարիզ կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, վերադարձաւ Պէյրութ: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի վերադառնայ Լիբանան, եւ կը նախատեսուի, որ աւելի մօտէն հետեւի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իրաւասութիւնները չեղեալ նկատել, որովհետեւ անոնք սահմանադրութեամբ ճշդուած են: ԵՐԷԿ գիշեր իսրայէլեան օդուժը ոտնձգութիւններ...

Ամերիկեան Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանան

Ամերիկեան Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ամերիկեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխան Տարել Իսա եւ Սթեֆըն Լանչ եւ անոնց խորհրդականները` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի: Հանդիպումին ընթացքին ամերիկեան պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց նախագահ Աունը Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները յաջողութեամբ կայացնելու համար, ինչպէս նաեւ ողջունեց զայն` Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան ի խնդիր անոր ի...

Պըրրի Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց  Խորհրդարանական  Յանձնախումբերուն Եւ Կառավարութեան  Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Խորհրդարանական Յանձնախումբերուն Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, երեսփոխան Էլիաս Հանքաշը եւ կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Սելիմ Սայեղը: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է խորհրդարանական յանձնախումբերուն եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր` հաստատելով, որ իրենք ընդգծած են վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ այս իմաստով Պըրրի լայնածաւալ ջանք ի գործ դրած է` խորհրդարանի աշխատանքի...

Փարիզի Մէջ .  «Կոչ Կ՛ուղղենք Միջազգային Ընտանիքին`  Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման  Համաձայնութիւն Գոյացնելու»   Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Փարիզի Մէջ . «Կոչ Կ՛ուղղենք Միջազգային Ընտանիքին` Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Համաձայնութիւն Գոյացնելու» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Փարիզ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ Մաթինիոնի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրադարձութիւններուն նկատմամբ լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ միջինարեւելեան զարգացումներուն ունեցած հետեւանքները Լիբանանի ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին վրայ: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը: Ան լուսարձակի տակ առաւ...

Լասըն Այցելեց Մախզումիի

Լասըն Այցելեց Մախզումիի

Լիբանանի մէջ Եւրոպական միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն երէկ այցելեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի: Լասըն շնորհաւորեց Մախզումին` անոր ընտրութեան առիթով, եւ անոր հետ քննարկեց տեղական, շրջանային ու միջազգային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մախզումի շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի զօրակցելու իմաստով հիմնական դերակատարութիւն ունի, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով: Մախզումի ընդգծեց եւրոպացիներուն կարողութիւնը` Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային, յատկապէս կրթական մարզին զօրակցելու:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԷԿ ուշ գիշերին իսրայէլեան օդուժը ոտնձգութիւններ գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ կատարելով արեւմտեան Պաալպեքի, Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի վերեւ: ՀԸԶՊԱԼԼԱ խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումները` հաստատելով, որ աշխարհը ստիպուած է իսրայէլեան ահաբեկչութիւնները բացայայտելու եւ անոր ոճիրները դատապարտելու: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան լիբանանեան ներքին կայունութեան, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններէն Լիբանան զանց կացուցելու քաղաքականութեան պահպանումին:...

Page 647 of 987 1 … 646 647 648 … 987

Արխիւներ