Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սէյիտ Նասրալլայի Հետ

May 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ուրբաթ, 25 մայիս 2018-ի գիշերը հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական, նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ սէյիտ Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ:

Հանդիպումը տեւեց քանի մը ժամ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս պաղեստինեան զարգացումները, որոնց շրջագիծին մէջ Պըրրի եւ սէյիտ Նասրալլա կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեցին պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր մղած ազգային պայքարին:

Քննարկուեցան նաեւ ներքին լիբանանեան շարք մը թղթածրարներ, որոնց շրջագիծին մէջ դրական գնահատական տրուեցաւ յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած արդիւնքներուն եւ ընտրութիւններուն մասնակցողներուն համեմատութեան իմաստով: Անոնք շեշտեցին, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի դաշինքին ի նպաստ քուէարկութեան համեմատութիւնը փաստած է ժողովուրդին կառչածութիւնը Դիմադրութեան ուղեգիծին եւ քաղաքական զոյգ ուժերուն ու անոնց դաշնակիցներուն քաղաքական գործունէութեան:

Պըրրի եւ սէյիտ Նասրալլա դրական գնահատեցին նաեւ խորհրդարանի նախագահի ընտրութիւնն ու վարչապետի նշանակումը` մաղթելով, որ յաջորդ առաքելութիւնը ըլլայ ազգային միասնականութեան կառավարութեան արագ կազմութիւնը: Անոնք յոյս յայտնեցին, որ կառավարութեան նոր կազմը կը դրսեւորէ  քաղաքական բոլոր ուժերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի եւ սէյիտ Նասրալլա շեշտեցին տնտեսական, դրամական եւ վարչական թղթածրարները լուծելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ պէտք է պայքարիլ փտածութեան դէմ եւ գործակցութեան համաձայնութիւն գոյացնել` այդ թղթածրարներուն հետապնդումը շարունակելու իմաստով:

Նախորդը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Այսօր Կը Կատարէ Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւնները

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.