Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երբ Դատական Իշխանութիւնները Առողջ Են, Ընկերութիւնը Եւս Առողջ Կ՛ըլլայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

May 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երկուշաբթի օր ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին մէջ վերջերս նշանակուած 7 դատաւորները` Քլոտ Քարամ, Ռոքս Ռըզք, Հայլանա Իսքանտար, Մունզեր Զեպիան, Մահեր Շայիթօ, Էլիաս Սապեր եւ Սուհեր Հարաքէ, որոնք կատարեցին իրենց երդման արարողութիւնը:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի,  Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտ, Վճռաբեկ ատեանի ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ եւ Դատական իշխանութիւններուն վերահսկող խորհուրդի նախագահ դատաւոր Պուրքան Սաատ:

Երդման արարողութենէն ետք դատաւորներուն հետ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց անոնց հսկելու օրէնքներու գործադրութեան եւ դառնալու օրէնքի գործադրութեան օրինակելի տիպարներ:

«Երբ դատական իշխանութիւնները առողջ են, ընկերութիւնը եւս առողջ կ՛ըլլայ, եւ քաղաքացին իր իրաւունքը կորսնցնելու մտավախութիւնը չ՛ունենար», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ դատաւորները հիմնական դերակատարութիւն ունին նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու իմաստով:

«Կոչ կ՛ուղղենք ձեզի ամբողջական դերակատարութիւնը ստանձնելու` փտածութեան դէմ լիբանանեան պետութեան մղելիք պայքարին առ ի զօրակցութիւն», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց երեսփոխաններ Ժամիլ Սէյիտը, Սելիմ Աունը, Ֆատի Աուարը, Ալի Տարուիշը եւ Մուսթաֆա Հիւսէյնը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր, որ նախագահ Աունին հաստատեց Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանին:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Հաստատեց, Որ Կազմուելիք Կառավարութեան Մէջ Հանրապետութեան Նախագահին Բաժինը Յստակ Է

Յաջորդը

Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց Ֆուատ Մախզումիի

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց  Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու  Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը  Ամբողջացնել
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը Ամբողջացնել

October 23, 2026
Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն.  «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը  Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»

October 23, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանան Ներկայիս Չի Տոկար Որեւօ Թղթածրարի Արծարծման, Որ Ներքին Լարուածութիւններ Կը Ստեղծէ»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.