Պէյրութի Մէջ. Տնտեսութեան Եւ Գործարարութեան Արաբական 26-րդ Համագումար
Պէյրութի մէջ երէկ բացումը կատարուեցաւ Տնտեսութեան եւ գործարարութեան արաբական 26-րդ համագումարին, որուն ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, թէ իր հայրը` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի այս համագումարին կը գուրգուրար եւ միշտ կը հովանաւորէր զայն` աւելցնելով, որ իրենք քաջածանօթ են արաբական երկիրներուն դիմագրաւած տագնապներուն` ապահովական կայունութեան բացակայութեան եւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին հետեւանքներուն լոյսին տակ: Հարիրի շեշտեց, որ այս մարտահրաւէրները եւ դժուարութիւնները իրենց...


















