Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի երեսփոխանական պլոքը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Ղազի Զաայթեր, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ալպեր Մանսուր, Ուալիտ Սըքքարիէ, Ալի Մըքտատ, Իպրահիմ Մուսաուի, Իհապ Համատէ եւ Անուար Ժումաա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պեքաայի ու Պաալպեք-Հերմելի մէջ տիրող կացութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Հաժ Հասան շեշտեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են նաեւ երկրին տնտեսական իրավիճակը:
Ան նկատել տուաւ, որ իբրեւ շրջանին երեսփոխանները, քաղաքական կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Պըրրի` իբրեւ խորհրդարանի նախագահ, կոչ կ՛ուղղեն բանակին, ապահովութեան ուժերուն եւ պատասխանատուներուն` հակակշռելու շրջանին ապահովութիւնը եւ միշտ հսկելու կայունութեան:
«Մենք կը զօրակցինք բանակին եւ համաձայն ենք, որ ան իր հակակշիռին տակ առնէ կացութիւնը: Իբրեւ երեսփոխանական համախմբում, ներառեալ` երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտը, կը զօրակցինք բանակին եւ կ՛ուզենք, որ բանակը պահպանէ շրջանին ապահովութիւնը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Աքուրայի եւ Եամմունէի թղթածրարին` Հաժ Հասան հաստատեց, որ այդ հարցը զուտ կալուածային է:
Կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ իբրեւ Հըզպալլա եւ Ամալ շարժում իրենք դիւրացուցած են կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` աւելցնելով, որ Պըրրի մտահոգութիւն յայտնած է կառավարութեան կազմութեան ուշացումին առնչութեամբ` հաստատելով, որ անիկա իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին տնտեսութեան ու ապրուստին վրայ:
Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կարելի ըլլայ ամէնէն մօտիկ ապագային կազմել:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի, որ հանդիպումէն ետք բաւարարուեցաւ ըսելով հետեւեալը. «Պըրրի պատասխանատու մարդ է»:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պըրրիի այցելուներէն, գրած է, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը վատէն աւելի վատ է` աւելցնելով, որ պէտք է անյապաղ կազմել նոր կառավարութիւնը:
Ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պիտի շահին երկիրն ու քաղաքացիները տնտեսական կացութեան քայքայումէն: «Պէտք է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնել», շեշտեց Պըրրի:
Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան համար պէտք է քաղաքական բոլոր ուժերուն պարագային նոյն չափանիշները որդեգրել` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արտաքին արգելքներու մասին ինք տեղեակ չէ:



