ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յարաբերութիւնները ելեկտրականացնելու միտում չունին` աւելցնելով, որ նման քայլեր իրենց շահերուն չեն ծառայեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը կ՛ենթադրէ, որ նոր կառավարութիւնը անմիջապէս կազմուի: Ժահժահ ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով վարչապետ Սաատ Հարիրի հսկայական ճիգեր ի գործ կը դնէ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղը 100 լ. ոսկիով սղած է, իսկ 95 օքթան պենզինի, ինչպէս նաեւ մազութի թիթեղին սակերը փոփոխութիւն չեն արձանագրած:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ դատարկ օղակէն կարելի է դուրս գալ, եթէ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր վերջնական որոշումը տայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան ընթացքը մեծաթիւ խոչընդոտներ կը դիմագրաւէ այն պատճառով, որ ամէն քայլափոխի պէտք է ապահովել հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն հաւանութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ իշխանութեան երեք պետերն ու գլխաւոր կուսակցապետերը կոչ կ՛ուղղեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու, սակայն խորքին մէջ անոնք արտաքին աշխարհէն հրահանգներու եւ գաղտնաբառերու կը սպասեն` կառավարութեան նոր կազմը յայտարարելու:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան չափաբաժինին հետ ոչ մէկ խնդիր ունի, պայմանով որ այդ չափաբաժինը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համար նախատեսուած նախարարութիւնները չըլլայ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը փոխադրուեցաւ Տիման` պատրիարքութեան ամարանոցը: Միւս կողմէ, Պքերքէի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Ռայի պատրիարքին յայտնած է, թէ ինք կառչած կը մնայ միջմարոնիական հաշտութեան, որ չեղեալ չի կրնար նկատուիլ:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է` աւելցնելով, որ կալուածներու մարզը փուլ գալու վտանգ չի դիմագրաւեր:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որպէսզի անիկա կարենայ դիմագրաւել երկրին սպառնացող տնտեսական մարտահրաւէրները եւ տնտեսական բարգաւաճում իրագործել:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը յարմարագոյն ժամուն կարելի կ՛ըլլայ կազմել` փրկելու համար Լիբանանի ազգային տնտեսութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները թէ՛ ներքին են եւ թէ՛ արտաքին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆատի Աուար հաստատեց, որ Լիբանանի իշխանութեան մէջ գործող քաղաքական անձնաւորութիւններու մեծամասնութիւնը փտած է եւ երկրին մէջ տիրող փտածութեան պատասխանատու:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ նախարար նշանակել սիւննի անձնաւորութիւն մը, որ երեսփոխանական պլոքի մաս չի կազմեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ սուրիական պետութիւնը իր հողերէն ոչ մէկ թիզ սակարկութեան կ՛ենթարկէ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւններու քայքայումին մասին Իսրայէլի երազները վերացած են եւ յուսալքած զայն:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ հիմնական թնճուկը կը մնայ քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութիւնը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի մտադրած է յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները աշխուժացնել` կառավարութեան կազմութեան նպատակով:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կառչած կը մնայ միջմարոնիական հաշտութեան, որ ստորագրուած է իր կնքահայրութեամբ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալած է 15 սպաներ, 28 աստիճանաւորներ եւ 2 զինուորներ, որոնք դիւրացուցած են թմրեցուցիչի մաքսանենգներուն աշխատանքը: Նշենք, որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն մէջ գործադրուած փտածութեան դէմ պայքարի այս արշաւին նախաձեռնած է եւ անձամբ հետեւած Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ իրենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ բանավէճի «զինադուլ»-ը կը պահեն, սակայն կառավարութեան կազմութեան գծով իրենց պահանջները կը մնան նոյնը: «Ժումհուրիա» կը գրէ նաեւ, որ միջմարոնիական հաշտութիւնը հաստատ է, եւ անցեալի ցաւալի տագնապները պիտի չկրկնուին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարի շեշտեց, որ Լիբանանեան-սէուտական գերագոյն խորհուրդի նիստ պիտի չգումարուի, նախքան կառավարութեան կազմութիւնը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի ոչ մէկ նորութիւն ունի` կառավարութեան կազմութեան ջանքերը շարունակելու գծով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպումին նպատակն էր կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները աշխուժացնել:


