Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ֆատի Ալամէ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի ուղղուի խորհրդարանի խոհանոցը կազմակերպելու, եթէ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը շարունակէ յամենալ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը երկարատեւ պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ իրենք կը նշմարեն, որ իշխանութեան հասած քաղաքական ուժերը իրարու միջեւ կը բաժնուին երկրին պաշտօնները: Ժեմայէլ հաստատեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի բնակարանային վարկերու քաղաքականութեան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ երկրին քաղաքական ուժերը ստիպուած են ստանձնել տիրող ներկայ իրավիճակին պատասխանատուութիւնը` դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ պետական գանձարկղի նիւթական բացը նուազեցնելու նպատակով կատարուելիք բարեկարգումի առաջին քայլը պէտք է ըլլայ գաղթականներու հարցերու նախարարութեան եւ գաղթականներու հատուցման ֆոնտին փակումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին եւ Մոհամետ Հաժժարը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդ Սալամէ Մասլուխի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին շեշտեց, որ Մեհրապի համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ, որպէսզի Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հանրապետութեան նախագահ չդառնայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառու կը մնայ միջմարոնիական հաշտութեան պահպանումին:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ իրենք կը դիւրացնեն սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը` առանց նկատի ունենալու անոնց պատկանելիութիւնը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, սեղմ կառավարութեան կազմութեան կարելիութիւնը անհաւանական է, իսկ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած խոչընդոտները լուծելու իմաստով ոչ մէկ քայլ առնուած է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այցելուները հաստատած են, որ անոր համար միջմարոնիական հաշտութեան ամրապնդումը կարեւոր է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը շատ վատ է` աւելցնելով, որ այդ կացութիւնը պէտք է մղէ, որ կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային կազմուի:

 

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Ալիեւ-Էրտողան Հանդիպում

Յաջորդը

Լիբանանեան Ուժերն Ու Ազգային Ազատ Հոսանքը Կը Ջանան Փրկել Միջմարոնիական Հաշտութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.