Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահ Աուն Լաւատեսութեան Օրինակելի Տիպարն Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

July 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ զիրենք հետաքրքրողը ներքին լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն է` աւելցնելով, որ իրենք բազմազանութիւնը կը սիրեն:

«Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն լաւատեսութեան եւ պայքարի օրինակելի տիպարն է, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն», ըսաւ ան:

Ան հաստատեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին համար Լիբանան առաջնահերթութիւն է, եւ Վատիկան միշտ կը պահանջէ իրենցմէ պաշտպանել Լիբանանի ազգային համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան կարիքները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու այդ ուղղութեամբ ընթացքի մէջ եղող խորհրդակցութիւնները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Շամիսին, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Իր կարգին, Շամիսի շեշտեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները միշտ զօրակցած են Լիբանանին եւ նեցուկ կանգնած անոր` աւելցնելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը զօրակցին Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ լիբանանեան գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան զարթօնքին:

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որ յայտնեց, թէ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք ինք շօշափած է նախագահ Աունի հասկացողութիւնը Լեռնալիբանանի իրավիճակին եւ Լեռնալիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերուն կարեւորութեան նկատմամբ:

Ուահապ յայտնեց, որ նախագահ Աուն յատուկ հոգատարութեամբ կը մօտենայ Շուֆի եւ Ալէյի շրջաններուն` զօրակցելով այդտեղ գործադրուող բարգաւաճման ծրագիրներուն:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Այցելեց Տնտեսական Ընկերային Խորհուրդի Կեդրոնը

Յաջորդը

Ֆրանսան Չէ Վերցուցած Ազրպէյճանին Զէնք Վաճառելու Սահմանափակումները

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.