Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ. «Հոլանտա Պիտի Օժանդակէ Լիբանանին` Դիմագրաւելու Համար Տեղահանուածներու Տագնապին Հետեւանքները» Հաստատեց Քաակ

July 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Հոլանտայի արտաքին առեւտուրի եւ բարգաւաճման համագործակցութեան նախարար Սիկրիտ Քաակը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւումը, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի շարունակութիւնը` պահպանելով երկրին կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի եւ Հոլանտայի միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ այդ գործակցութեան եւ կը փափաքի զայն ամրապնդել:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Հոլանտային «Սետր»-ի խորհրդաժողովին մասնակցելու առիթով:

Իր կարգին, Քաակ նշեց, որ Հոլանտա կը ձգտի Լիբանանի հետ երկրագործական մարզի համագործակցութիւնը զարգացնել` աւելցնելով, որ Լիբանան շրջանին մէջ բացառիկ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ, յատկապէս Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքին գծով:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-հոլանտական յարաբերութիւնները:

Վարչապետարանին Մէջ

Քաակ այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քաակ յայտնեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին Հոլանտա Լիբանանին տրամադրած է 200 միլիոն եւրօ` իբրեւ օժանդակութիւն եւ 100 միլիոն եւրօ` բարեկարգումներու գործադրութեան համար:

Ան շեշտեց, որ Հոլանտա կը փափաքի ներդրումներ կատարել երկրագործութեան մարզին մէջ` հաստատելով, որ իշխանութեան երեք պետերուն հետ իր հանդիպումները դրական եղած են, եւ ընդգծելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու:

Պասիլի Հետ

Քաակ այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քաակ հաստատեց, որ Հոլանտա պիտի օժանդակէ Լիբանանին` դիմագրաւելու համար տեղահանուածներու տագնապին հետեւանքները:

Իր կարգին, Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը քայքայուելու սեմին կը գտնուի` մեծաթիւ սուրիացի տեղահանուածներու գոյութեան պատճառով:

 

Նախորդը

Հարիրի. «Կ՛ուզենք, Որ Լիբանանը Արհեստագիտականօրէն Բարգաւաճի»

Յաջորդը

Ըստ Վիքթոր Սողոմոնեանի. Ռոպերթ Քոչարեան Պատրաստ Է Ներկայանալու Հարցաքննութեան

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.