Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ուժերն Ու Ազգային Ազատ Հոսանքը Կը Ջանան Փրկել Միջմարոնիական Հաշտութիւնը

July 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ նախորդ հինգ օրերուն ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ գոյացած դաշինքին գծով արձանագրուած են ժխտական ցաւալի զարգացումներ, որոնք ոչ միայն միջմարոնիական կացութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան, այլեւ` ամբողջ երկրին:

Ժահժահ հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան Մեհրապի համաձայնութեան եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն զայն փրկելու համար` աւելցնելով, որ այս ճիգերուն իմաստով դրական ջանքեր նշմարած են նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ, ինչ որ առիթ կը ստեղծէ այդ արդիւնքները գործնականացնելու:

Իր կարգին, Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ միջմարոնիական հաշտութիւնը վերջնական է, հետեւաբար ո՛չ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը եւ ո՛չ ալ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կրնան զայն չեղեալ նկատել, յատկապէս նկատի ունենալով անոր շուրջ ստեղծուած ժողովրդային համախոհութիւնը:

Քանաան յայտնեց, որ պատմութեան ընթացքին բոլոր համաձայնագիրները նման ցնցումներ ապրած են` աւելցնելով, որ այս փուլը անցողակի պիտի ըլլայ:

Ան ընդգծեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է ուղղուին դէպի կառավարութեան կազմութիւն, որպէսզի իշխանութիւնը կարենայ լուծել երկրին սպառնացող քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական մարտահրաւէրները:

Միւս կողմէ, այս հարցին քաջածանօթ քաղաքական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մեհրապի համաձայնագիրի կնքահայրեր  երեսփոխան Քանաանն ու տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին վաղը` հինգշաբթի, 12 յուլիսին հրաւիրած է հանդիպումի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի միջմարոնիական հաշտութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հանրութեան Ցամաքային Փոխադրութեան Համադաշնակցութիւնը 25 Յուլիսին Պիտի Գործադրէ Բողոքի Ցոյց Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.