Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Ռիչըրտի Եւ Քարտելի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ընդհանուր Իրավիճակը

July 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի եւ նախկին երեսփոխան Պասեմ Սապաա:

Հանդիպումին ընթացքին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լուր մը, թէ Հարիրի այսօր պիտի այցելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ անոր ներկայացնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող զարգացումներ:

Հարիրիի հետ հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ մասնաւորաբար կառավարութեան կազմութեան անդրադառնալով ըսաւ. «Քաղաքական մարզին մէջ, կասկած չկայ, որ Հարիրի մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ յարմար կազմին յանգելու համար, եւ մենք խօսեցանք միայն ներկայացուածութեան իմաստով մեր քաղաքական իրաւունքին մասին` մեկնելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներէն»:

Երէկ երեկոյեան աւելի ուշ վարչապետ Հարիրի ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահը` ընկերակցութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Մելհեմ Ռիաշիի: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտարարեց, որ հանրապետութեան նախագահը եւ վարչապետը ամբողջութեամբ տրամադիր են նոր կառավարութիւնը կազմելու, սակայն քաղաքական կարգ մը կողմեր չեն փափաքիր դիւրացնել կազմութեան հոլովոյթը: Ժահժահ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտողներուն կոչ ուղղեց գիտակցելու, թէ Հարիրի պիտի չհրաժարի կառավարութեան կազմութեան առաքելութենէն, հետեւաբար նաեւ կարելի չէ կազմել կառավարութիւն մը, որուն համոզուած չէ Հարիրին:

Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի օժանդակող միջազգային համախմբումին մաս կազմող երկիրներու` Ֆրանսայի, Չինաստանի, Ռուսիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական խորհուրդի, Արաբական լիկայի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Տահլեր Քարտելը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ընդհանուր իրավիճակը եւ յառաջիկայ փուլին Լիբանանի կատարելիք բարեկարգումները` բոլոր մարզերուն պարագային:

Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն վերաբերող հարցեր:

Հարիրիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Պաքր Հուժէյրի, որ յայտնեց, թէ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է համաներման թղթածրարը եւ «Արսալի մէջ ահաբեկչութիւն» անունը կրող հարցին լուծումն ու անոր կապուած արգելափակեալներուն ազատ արձակումը:

Հարիրի ընդունեց Տնտեսական ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտը եւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրը:

Հանդիպումէն ետք Արպիտ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրին տեղեկացուցած է խորհուրդին աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ քննարկած են կարգ մը վարչական եւ գործառնութեանց վերաբերող հարցեր:

Արպիտ նշեց, որ վարչապետին ներկայացուցած է բնակարանային վարկերուն եւ սեփական դպրոցներուն վերաբերող տագնապներուն մասին խորհուրդին պատրաստած ուսումնասիրութիւններն ու հետազօտութիւնները:

Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստ

Նշենք, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ  նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք երեսփոխան Ռուլա Թապշ կարդաց պլոքէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ այս փուլին ընթացքին առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի կառավարութեան կազմութեան, ինչպէս նաեւ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու աշխատանքներուն սկսելուն:

Ան նշեց, որ այդ աշխատանքները իրագործելու համար քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է համեստութեան նախաձեռնութիւնը ստանձնեն եւ վերջ տան ցեխարձակումներուն ու առաստաղը բարձրացնող մագլցողական յայտարարութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնել:

«Պէտք է քաղաքական բոլոր ուժերը գիտակցին, որ մէկ կամ երկու ամիսէն իրագործուելիք նուաճումները կարելի է վաղը` մէկ օրէն իրագործել, եթէ անոնց միջեւ համախոհութիւն գոյանայ», ըսաւ Թապշ:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական մարտահրաւէրները լուրջ են, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք շրջանային փոփոխութիւններն ու վտանգները:

Թապշ դիտել տուաւ նաեւ, որ առանց կառավարութեան եւ պետական հաստատութիւններու աշխատանքին Լիբանան պիտի չկարենայ գործադրել միջազգային խորհրդաժողովներուն ընթացքին իր խոստացած տնտեսական բարեկարգումները:

Այս շրջագիծին մէջ ան ողջունեց եւ դրուատեց վարչապետ Հարիրիի համբերութիւնն ու ճիգերը` կառավարութեան կազմութեան նպատակով, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Մուսթաքպալ պլոքին վստահութիւնը իր ղեկավարին նկատմամբ` միաժամանակ գնահատելով Հարիրիի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ հեզասահ գործակցութիւնն ու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանձախնդրութիւնը` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւնը կազմելու գծով:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին` Թապշ նշեց, որ այդ թղթածրարը լիբանանեան եւ միջազգային մակարդակով պէտք է լուծուի` աւելցնելով, որ տեղահանուածներուն տունդարձը անհրաժեշտ է եւ անիկա լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է:

 

Նախորդը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Յանձնախումբերու Ընտրութեան Նիստին

Յաջորդը

«Թող Մակ Օժանդակէ Լիբանանին Հարաւային Լիբանանի Ցամաքային Եւ Ծովային Սահմանագծումը Կատարելու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.