Պէյրութի մէջ երէկ բացումը կատարուեցաւ Տնտեսութեան եւ գործարարութեան արաբական 26-րդ համագումարին, որուն ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, թէ իր հայրը` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի այս համագումարին կը գուրգուրար եւ միշտ կը հովանաւորէր զայն` աւելցնելով, որ իրենք քաջածանօթ են արաբական երկիրներուն դիմագրաւած տագնապներուն` ապահովական կայունութեան բացակայութեան եւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին հետեւանքներուն լոյսին տակ:
Հարիրի շեշտեց, որ այս մարտահրաւէրները եւ դժուարութիւնները իրենց կը պարտադրեն գործակցելու պատասխանատուութիւնը` աւելցնելով, որ արաբական առաջին մարտահրաւէրն է տնտեսական աճի բարձրացումը, յատկապէս Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի մէջ, եւ ոչ միայն այն երկիրներուն, որոնք նաւթ կ՛արտահանեն:
«Լիբանանի մէջ մենք յստակ ընթացագիծ մը մշակած ենք` աճի բարձրացումին համար: Այս ընթացագիծը ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան կողմէ ներկայացուեցաւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին», ըսաւ Հարիրի:
Ան աւելցուց, որ աճի աղբիւրները բազմազան դարձնելու համար անհրաժեշտ է ապահովել արդի ենթակառոյց մը, որ արդիւնաբերական նոր մարզերուն բարգաւաճելու առիթ կու տայ:
Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ յաջողութիւնը իրենցմէ կը պահանջէ իբրեւ կառավարութիւն միջոցները փոփոխութեան ենթարկել, «իսկ ելեւմտական մարզին մէջ արձանագրուելիք որեւէ խախտում տնտեսական հսկայական հետեւանքներ կրնայ ունենալ», աւելցուց ան:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ հաստատեց, որ տնտեսական ցուցանիշին համաձայն, 2018-ին արձանագրուած աճը 2 առ հարիւր է:
Լիբանանի դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ կոչ ուղղեց վերջ տալու քաղաքական ելեկտրականացած մթնոլորտին եւ բանավէճերուն, ինչպէս նաեւ արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը: «Պէտք է կազմել այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կ՛արտացոլէ նորահաս սերունդներուն ձգտումները», ընդգծեց Թարապէյ:
Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր իր կարգին ըսաւ, որ Լիբանան ամուր դիրքի վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ ներկայ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը իրականացուց այնպիսի նուաճումներ, որոնք երկիրը ապաքինման հունին մէջ զետեղած են:



