Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Յանձնախումբերու Ընտրութեան Նիստին

July 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու ընտրութեան նիստին, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 17 յուլիս 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Պըրրի խորհրդարանի դիւանը նիստի մը հրաւիրեց երկուշաբթի, 16 յուլիս 2018-ին:

Նշենք, որ երէկ Այն Թինէի մէջ Պըրրի նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին վերահաստատեց կառավարութեան անյապաղ կազմութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ զգայուն կացութիւնը:

Պըրրի յայտնեց նաեւ, որ եթէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն գծով դրական զարգացումներ չարձանագրուին, ապա ինք խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ լիագումար նիստի մը` քննարկելու համար երկրին իրավիճակը:

Պըրրի ընդգծեց երկրին տնտեսական եւ ընկերային տագնապները դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ինք կը վստահի նորընտիր խորհրդարանի օրէնսդրական եւ վերահսկողութեան առաքելութեան:

Պըրրի շեշտեց նաեւ, որ պէտք է ատակութիւնն ու կարողութիւնը վերածել աշխատանքի ընդունուելու հիմնական պայմանին:

Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան մօտիկ ապագային խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ ընտրելու իր մնայուն յանձնախումբերը:

Անոնք նշեցին, որ նախքան Պըրրիի կատարած զբօսաշրջական ճամբորդութիւնը, ան որոշած է խորհրդարանը նիստի հրաւիրել եւ յանձնախումբերը ընտրել, սակայն կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն առիթ տալու նպատակով չէ նախաձեռնած այդ քայլին:

«Պըրրի ընդգծեց, որ ինք աւելի երկար չի կրնար սպասել խորհրդարանի յանձնախումբերուն ընտրութեան հարցով», նշեցին նոյն աղբիւրները:

Պըրրիի այցելուներուն համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի սկսի կառավարութեան կազմութեան նոր խորհրդակցութիւններու Ազգային ազատ հոսանք, Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն հետ:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը գտնուի մարոնի համայնքի ներկայացուցչութեան թնճուկին դէմ յանդիման, եւ ոչինչ կը յուշէ, որ այդ հարցին լուծումը մօտալուտ է:

 

Նախորդը

Իսրայէլ Կը Խստացնէ Սահմանային Հսկողութիւնը, Իսկ Ուաշինկթըն Հաւանական Կը Նկատէ, Որ Հըզպալլայի Պատճառով Լիբանան Սուղ Վճարէ

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Ռիչըրտի Եւ Քարտելի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ընդհանուր Իրավիճակը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.