Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Մէջ Եւրոպացի Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Կը Բարձրանայ» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յուլիս 11, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Շարք Աուսաթ» թերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան եղանակը սկիզբ առած է եւրոպացի զբօսաշրջիկներու թիւին արձանագրած աճով եւ Ծոցի երկիրներէն եկող զբօսաշրջիկներուն թիւին նուազումով:

Նախարար Կիտանեան նշեց նաեւ, որ Ծոցի երկիրներուն կողմէ իրենց քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութիւնը արգիլելու որոշումին փոփոխութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է Լիբանանի մէջ կազմուելիք նոր կառավարութեան: «Անցեալ ամիս Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ սկիզբ առած երաժշտական եւ մշակութային փառատօները, որոնք այս ամսուան կիսուն պիտի աշխուժանան եւ բազմանան, իրենց կարգին եւրոպացի եւ ամերիկացի զբօսաշրջիկները քաջալերող գլխաւոր ազդակներ կը նկատուին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս տարի փառատօները նուազ են բաղդատած անցեալ տարուան, եւ անոնց թիւը պիտի հասնի հարիւրի:

Անդրադառնալով Ծոցի երկիրներէն Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն` նախարար Կիտանեան յայտնեց, թէ անոնց թիւը 30-40 առ հարիւրով նուազած է` աւելցնելով, որ Ծոցի երկիրներու դեսպաններ յայտնած են, թէ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ առիթ տալ Ծոցի երկիրներուն կողմէ Լիբանան այցելութիւնը արգիլող որոշումին բեկանումին:

«Բայց եւ այնպէս Լիբանան կրցած է աճ արձանագրել եւրոպացի զբօսաշրջիկներու, յատկապէս ֆրանսացիներու, գերմանացիներու եւ անգլիացիներու, ինչպէս նաեւ պրազիլցիներու այցելութիւններով: Որոշ չափով նշմարելի աճ մը արձանագրած են նաեւ ամերիկացի եւ քանատացի զբօսաշրջիկները», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին որդեգրեց նոր ռազմավարութիւն մը, որ հիմնուած է հիմնական չորս առանցքներու վրայ. ա) Զբօսաշրջական օտար ընկերութիւններու մօտ Լիբանանի քարոզչութիւնը եւ շուկայադրումը ամրապնդել, բ) Շրջանային եւ միջազգային մակարդակով Լիբանանը վերածել խորհրդաժողովներու եւ աշխատանքային համագումարներու կեդրոնի մը` շրջանային եւ միջազգային զբօսաշրջական ընկերութիւններու հետ գործակցաբար, գ) Արտերկրի լիբանանցիներու քաջալերում` Լիբանան այցելելու ուղղութեամբ եւ դ) Զբօսաշրջական մարզի բարգաւաճումին հետեւող թուայնացած սարքերու եւ ծրագիրներու ստեղծում, որուն զուգահեռ զբօսաշրջական տարբեր ընկերութիւններու հետ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդում:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ վերջերս Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան ընթացքին մեկնարկը կատարած է «Զբօսաշրջական մարզի բարգաւաճման նոր ռազմավարութեան»` հիմնուելով զբօսաշրջութեան եւրոպական եւ համաշխարհային շուկաներուն վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ գրաւել եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը եւ զանոնք մղել Լիբանան այցելելու:

Նշենք, որ Ա. Կիտանեան նախանցեալ երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրած աճը` ընդգծելով Լիբանանը լաւ պատկերով աշխարհին ներկայացնելու կարեւորութիւնը:

Ան խստիւ դատապարտեց Լիբանանի խոցելի կէտերուն քարոզչութիւնը կատարողները, յատկապէս ընկերային ցանցերուն վրայ` հաստատելով, որ աշխարհի մէջ չկայ երկիր մը, ուր մարդիկ նման կերպով կը վարուին:

Ա. Կիտանեան անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ կայ ապականում` մերժելով սակայն Լիբանանի դէմ գործադրուող այն կազմակերպուած ու կանխամտածուած հակաքարոզչութիւնը, որուն համաձայն Լիբանանի մէջ կարելի չէ լողալ, որովհետեւ լիբանանեան ջուրերը լրիւ ապականած են:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ այս հակաքարոզչութիւնը կը կատարուի հարուածելու համար երկրին զբօսաշրջութիւնը:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան մարզի աշխուժացումը իր դրական անդրադարձն ու ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին տնտեսութեան բարգաւաճման վրայ:

Ան նշեց, որ այս տարուան երկրորդ կիսուն եւ յառաջիկայ տարուան ընթացքին զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրելիք աճը զգալի պիտի ըլլայ բոլորին համար` շնորհիւ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին մշակուած ծրագիրներուն եւ որդեգրուած ու գործադրուած աշխատանքային ռազմավարութիւններուն:

Անդրադառնալով զբօսաշրջութեան մարզին աշխատանքներուն յաւելեալ արդիւնաւէտութիւն ապահովելու կարելիութիւններուն` նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսութեան արժեւորումը կատարած եւ անոր հիման վրայ տնտեսական ամբողջական ծրագիր մշակած «Մըքքենզի» ամերիկեան ընկերութիւնը իր տեղեկագիրին մէջ հաստատած է, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան տարեկան պիւտճէն պէտք է բազմապատկել, այսինքն` վերածել 14 միլիոն տոլարի, որպէսզի նախարարութիւնը շուկայադրումի եւ ծանուցողական իր արշաւները աւելի հանգիստ կերպով կատարէ եւ յաջողի բարձրացնել զբօսաշրջիկներուն թիւը, ինչ որ իր կարգին պիտի օժանդակէ երկրին տնտեսութեան զարգացումին:

 

Նախորդը

Հանրութեան Ցամաքային Փոխադրութեան Համադաշնակցութիւնը 25 Յուլիսին Պիտի Գործադրէ Բողոքի Ցոյց Մը

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Վարչապետ Հարիրին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?