Լիբանանեան

Ժահժահ Ընդունեց Ֆուշէն Եւ Ռայի  Պատրիարքին Հետ Հանդիպումին Շեշտեց  Կառավարութիւնը Անյապաղ  Կազմելու Կարեւորութիւնը

Ժահժահ Ընդունեց Ֆուշէն Եւ Ռայի Պատրիարքին Հետ Հանդիպումին Շեշտեց Կառավարութիւնը Անյապաղ Կազմելու Կարեւորութիւնը

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ երեկոյեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, Ժահժահ շաբաթավերջին Պքաաքաֆրայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ժահժահ եւ Ռայի պատրիարքը ընդգծեցին կառավարութիւնը անյապաղ կազմելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարիքը ունի լիբանանեան քաղաքական...

Մաշնուք Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը  Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

Մաշնուք Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ժետտա, ուր ընդունուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Նասեր Տաուտի եւ նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ: Տաուտ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Մաշնուքի: Նշենք, որ 2014-ին ներքին գործոց նախարարութիւնը ստանձնելէն ետք Սէուտական Արաբիա այս այցելութիւնը Մաշնուքի առաջին այցելութիւնն է` ընդառաջելու համար սէուտցի իր պաշտօնակիցին` Ապտել Ազիզ պըն Սէուտ պըն Նայէֆ իշխանի...

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը  Խոչընդոտող Արգելքները Կը Մնան Անլոյծ,  Իսկ Խորհրդարանը Պիտի Ունենայ  Իր Մնայուն Յանձնախումբերը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Խոչընդոտող Արգելքները Կը Մնան Անլոյծ, Իսկ Խորհրդարանը Պիտի Ունենայ Իր Մնայուն Յանձնախումբերը

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները տակաւին կը մնան անլոյծ, որովհետեւ մէկ կողմէ այդ թնճուկները հանգուցալուծելու ջանքերը, իսկ միւս կողմէ քաղաքական ուժերուն պարտադրած պահանջները կը հաւասարակշռեն զիրար` առանց առիթ տալու, որ այդ հարցերը լուծուին: Մինչ տիրող կացութիւնը երկրին եւ քաղաքացիներուն վրայ ինքզինք կը պարտադրէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն օժանդակելու լիբանանեան պետութեան` փտածութեան դէմ պայքարելու նպատակով: «Անկարելի է,...

Քանաան. «Բոլոր Հարցերը Կը Լուծուին  Եւ Կառավարութեան Կազմութիւնը Խոչընդոտող  Արգելքները Կը Վերանան,  Եթէ Յետին Նպատակներ Չկան»

Քանաան. «Բոլոր Հարցերը Կը Լուծուին Եւ Կառավարութեան Կազմութիւնը Խոչընդոտող Արգելքները Կը Վերանան, Եթէ Յետին Նպատակներ Չկան»

Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ ինք չի հաւատար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքներու: Ան ըսաւ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է կատարէ նախաձեռնութիւն մը եւ խորհրդակցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ յայտարարել կառավարութեան նոր կազմը: Քանաան շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ վարչապետ Հարիրի անպայման նախաձեռնութիւն մը պիտի առաջադրէ եւ երեսփոխանական...

«Վարչապետ Հարիրի Լաւատես Է  Կառավարութեան Մօտալուտ Ծնունդով»  Շեշտեց Շքէյր

«Վարչապետ Հարիրի Լաւատես Է Կառավարութեան Մօտալուտ Ծնունդով» Շեշտեց Շքէյր

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրը, Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմասը, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլը եւ Միջերկրականեան երկիրներու գործարարներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժաք Սարրաֆը, որոնց հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրավիճակը: Հանդիպումէն ետք Շքէյր յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի լաւատես է կառավարութեան մօտալուտ ծնունդով`...

«Տեղեկատուական Մարզէն Կը Պահանջենք Լուսարձակի Տակ Առնել  Լիբանանի Դրական Կողմերը»  Շեշտեց Ա. Կիտանեան

«Տեղեկատուական Մարզէն Կը Պահանջենք Լուսարձակի Տակ Առնել Լիբանանի Դրական Կողմերը» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան անցեալ շաբաթավերջին տուաւ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը` ընկերակցութեամբ Զբօսաշրջական սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքարի, Ճաշարաններու, սրճարաններու, զբօսավայրերու եւ անուշեղէնի վաճառատուներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամիի եւ Ծովեզերեայ զբօսաշրջային համալիրներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժան Պէյրութիի: Նախարար Կիտանեան ողջունեց բոլոր լրատուամիջոցները, որոնք ներկայ կը գտնուին զբօսաշրջութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ` անդրադառնալու համար նախարարութեան եւ սենտիքաներուն արձակելիք բողոքի ձայնին, որ...

Խուրի. «Շարժակներով Ստացուող  Ելեկտրականութեան  Բաժանորդագրութեան Յատուկ  Ժամացոյցներ Պիտի Զետեղուին»

Խուրի. «Շարժակներով Ստացուող Ելեկտրականութեան Բաժանորդագրութեան Յատուկ Ժամացոյցներ Պիտի Զետեղուին»

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ շարժակներով ստացուող ելեկտրականութեան բաժանորդագրութեան յատուկ ժամացոյցներ պիտի զետեղուին` ծառայելու համար քաղաքացիներու շահերուն: Խուրի նշեց, որ իրենք այս որոշումով պիտի պարտադրեն, որ ելեկտրականութիւն բաշխող շարժակներու սեփականատէրերը այդ ժամացոյցները զետեղեն քաղաքացիներուն համար, որպէսզի քաղաքացին իր օգտագործած հոսանքին համազօր գումար վճարէ: Խուրի նշեց, որ այդ ժամացոյցները նոյնանման պիտի ըլլան պետութեան տրամադրած ելեկտրական հոսանքի ժամացոյցներուն: Անդրադառնալով...

Ֆուշէ. «Ելեկտրականութեան Տագնապին Ստեղծած  Նիւթական Բացը Զերոյի Պիտի Հասնի «Սետր»-ի  Ծրագիրին Գործադրման Պարագային»

Ֆուշէ. «Ելեկտրականութեան Տագնապին Ստեղծած Նիւթական Բացը Զերոյի Պիտի Հասնի «Սետր»-ի Ծրագիրին Գործադրման Պարագային»

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապին ստեղծած նիւթական բացը զերոյի պիտի հասնի «Սետր»-ի ծրագիրին գործադրման պարագային: Ան ըսաւ, թէ «Սետր»-ի ծրագիրը 12 տարուան վրայ պիտի երկարի, սակայն եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը պետական ամավարկի եւ տուրքերու վերաբերեալ բարեկարգումներ չգործադրէ, ապա այդ ծրագիրին գործադրութիւնը ճշգրիտ հունով պիտի չշարունակուի: Ֆուշէ նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին իմացած է` աւելցնելով, որ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի ընդգծեց, որ եթէ Մըքքենզիի ծրագիրը գործադրուի, ապա անիկա պիտի օժանդակէ, որ Լիբանանի մէջ աճը բարձրանայ, եւ ատիկա ներկայ իշխանութիւններուն եւ կառավարութեան համար յաջողութիւն կը նկատուի: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ եթէ հաշիշի ցանքին թղթածրարը սերտուի, ապա կարելի է քանի մը ամսուան ընթացքին Լիբանանի մէջ հաշիշ ցանելը օրինականացնել: ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ...

Պաապտայի Մէջ.  «Լիբանանը Առանձին Պիտի Չձգենք, Իսկ Լիբանան  Այցելութիւնները Արգիլուած Չեն»   Շեշտեց Քուէյթի Խորհրդարանի Նախագահը

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանանը Առանձին Պիտի Չձգենք, Իսկ Լիբանան Այցելութիւնները Արգիլուած Չեն» Շեշտեց Քուէյթի Խորհրդարանի Նախագահը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւններուն ամրապնդուած ըլլալու իրականութիւնը` ընդգծելով լիբանանցիներուն եւ քուէյթցի ժողովուրդին միջեւ սէրն ու մտերմութիւնը: Նախագահ Աուն լուսարձակի տակ առաւ Քուէյթի շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանի հոգատարութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ`...

Պըրրի Տնտեսական Խորհուրդներուն  Եւ Դրամատուներու  Սեփականատէրերու Միութեան Հետ  Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Իրավիճակը

Պըրրի Տնտեսական Խորհուրդներուն Եւ Դրամատուներու Սեփականատէրերու Միութեան Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Իրավիճակը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրը, Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը եւ գործարար Ժաք Սարրաֆը, որոնց հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրավիճակը: Հանդիպումէն ետք Շքէյր յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկումները դրական ընթացած են` աւելցնելով, որ իրենք խոժոռ դէմքով մուտք գործած են խորհրդարանի նախագահին մօտ, սակայն հանդիպումէն ժպտադէմ դուրս եկած են: «Մենք լաւատես...

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Նիւ Եորքի  Քաղաքական Խորհրդաժողովին Իր Մասնակցութիւնը  Բերող Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Նիւ Եորքի Քաղաքական Խորհրդաժողովին Իր Մասնակցութիւնը Բերող Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Նիւ Եորքի մէջ 16-19 յուլիսին տեղի ունենալիք քաղաքական խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն պիտի նախագահէ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի եւ որուն մաս պիտի կազմեն հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն, վարչապետին, արտաքին գործոց, կրթութեան, տնտեսութեան եւ կենսոլորտի նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի ներկայացնէ իր...

«Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը  Թող Կառչած Մնայ «Բանակ, Ժողովուրդ,  Դիմադրութիւն» Տարազին»   Շեշտեց Շէյխ Քապալան

«Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը Թող Կառչած Մնայ «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» Տարազին» Շեշտեց Շէյխ Քապալան

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան Յուլիսեան պատերազմի 12-ամեակին առիթով շեշտեց, որ այս օրերուն իրենք կը մտաբերեն Դիմադրութեան հերոսներուն արձանագրած յաղթանակն ու նուաճումները, որոնց շնորհիւ պարտութեան մատնուեցան իսրայէլեան ուժերը, եւ չքացաւ իսրայէլեան բանակի անպարտ ըլլալու պատրանքը: Դիմադրութեան մարտիկները իրենց քաջութեամբ եւ անձնազոհութեան ոգիով պաշտպանեցին Լիբանանը` արձանագրելով նոր յաղթանակ մը, որ կ՛աւելնար 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրման ու թշնամի Իսրայէլը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ Լիբանանին` սահմանագծում կատարելու եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու համար, որպէսզի վերջինս լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր գործած ոտնձգութիւնները դադրեցնէ: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ եթէ փաստուի, թէ Լիթանի գետի ապականումի մաքրութեան համար Լիբանան հասած չինական ընկերութիւնը Իսրայէլի հետ կապ ունի, ապա պիտի մերժուի անոր աշխատանքը: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր...

Տիմանի Մէջ.  «Միջմարոնիական Պատմական  Հաշտութիւնը Պէտք Է Պաշտպանել»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Տիմանի Մէջ. «Միջմարոնիական Պատմական Հաշտութիւնը Պէտք Է Պաշտպանել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան  Իպրահիմ Քանաանը` ներկայութեամբ Պքերքէի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատի: Հանդիպումէն ետք Ղայեատ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը միջմարոնիական հաշտութեան կնքահայրեր Ռիաշիի եւ Քանաանի պարտականութիւն տուաւ առ որ անկ է փոխանցելու, թէ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ ստորագրուած  պատմական...

«Լիբանանի Կացութիւնը Մտահոգիչ  Չէ` Նկատի Ունենալով Անոր  Նաւթային Հարստութիւնը»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանանի Կացութիւնը Մտահոգիչ Չէ` Նկատի Ունենալով Անոր Նաւթային Հարստութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի սննդեղէն, սպառումի մթերք եւ խմիչք ներածող ընկերութիւններու սենտիքան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալիի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ «ոչ ոք կրնայ կասեցնել Լիբանանի մէջ բարեկարգումներ իրագործելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու արշաւը, որ սկսաւ, երբ ես հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցայ»: «Բարեկարգումի այս ուղին պիտի շարունակուի բոլոր անոնցմով, որոնք...

«Ո՛վ Որ Կը Յանդգնի Երկրին Մէջ Ճաշարան  Կամ Զբօսաշրջական Հաստատութիւն Հիմնել,  Լիբանանի Հերոսներէն Կը Նկատուի»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Ո՛վ Որ Կը Յանդգնի Երկրին Մէջ Ճաշարան Կամ Զբօսաշրջական Հաստատութիւն Հիմնել, Լիբանանի Հերոսներէն Կը Նկատուի» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ Ժիպէյլի մէջ բացումը կատարեց զբօսաշրջական հաստատութեան մը` ներկայութեամբ Ժիպէյլի քաղաքապետ Ուիսամ Զաարուրի, Ժիպէյլի թաղապետերուն, մարոնի համայնքի պատրիարքութեան Ժիպէյլի ընդհանուր քարտուղար Ժոզեֆ Զիատէ քահանային, շրջանի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ զինուորականներու: Այս առիթով Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանան պիտի գոյատեւէ եւ պիտի մնայ Արեւելքի փարոսը: «Պիտի շարունակենք բոլորս միասնաբար գործել, որպէսզի  Արեւելքի մէջ զբօսաշրջական առումով Լիբանանը...

Պըրրի Միքաթիի Եւ Մախզումիի Հետ Քննարկեց  Երկրին Իրադարձութիւններն Ու Կառավարութեան  Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Միքաթիի Եւ Մախզումիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւններն Ու Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ համաձայն գտնուած են, թէ ներկայիս ժամանակը չէ քաղաքական շռայլութեան` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է զիջումներ կատարեն` ի խնդիր կառավարութեան կազմութեան: Միքաթի մաղթեց, որ կառավարութեան մաս կազմող նախարարները ըլլան...

Պասիլ Յայտարարեց Տեղահանուածներու  Տունդարձի Կեդրոնական Յանձնախումբը  Եւ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Պասիլ Յայտարարեց Տեղահանուածներու Տունդարձի Կեդրոնական Յանձնախումբը Եւ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ յայտարարեց Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի կեդրոնական յանձնախումբը, որուն նպատակն է դիւրացնել տունդարձը եւ արգիլել լիբանանցիներու ու սուրիացիներուն միջեւ որեւէ հարց կամ լարուածութիւն: Պասիլ շեշտեց, որ կեդրոնական այս յանձնախումբը կը յայտարարեն 12 յուլիսին` Յուլիսեան պատերազմի բռնկումին օրուան առիթով, փաստելու համար, թէ լիբանանցի ժողովուրդը իր հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդի լաւագոյն օրինակն է, եւ լիբանանցիները յաղթած...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան  Պլոքը Զարմանք  Յայտնեց Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթին Արձանագրած  Անբացատրելի Յապաղումին Մասին

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Զարմանք Յայտնեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Արձանագրած Անբացատրելի Յապաղումին Մասին

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Պլոքը զարմանք յայտնեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած անբացատրելի յապաղումին համար` կոչ ուղղելով քաղաքական ուժերուն հրաժարելու իրենց անձնական շահերէն եւ պէտք եղած ճկունութիւնը ցուցաբերելու` յաջողցնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները իբրեւ չափանիշ որդեգրել` լուծելու համար կառավարութեան կազմութեան ջանքերը...

Page 635 of 987 1 … 634 635 636 … 987

Արխիւներ