Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Արմէնփրես»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Հայաստանը եւ Լիբանանը համագործակցութեան մեծ ներուժ ունին` աւելցնելով, որ այդ ուղղութեամբ զոյգ երկիրները զգալի աշխատանք պէտք է տանին:
«2017-ի յունիսէն սեպտեմբեր ամիսներուն ընթացքին երկու ուղղութիւններով ալ աշխուժ երթեւեկութիւն կար: Օդանաւային երկու ընկերութիւնները կ՛աշխատէին եւ իբրեւ արդիւնք` ամէնօրեայ դրութեամբ թռիչքներ կային: Կը պատահէր, որ օրական 150-200 հոգի երկու ուղղութեամբ ճամբորդութիւն կը կատարէր: Իբրեւ արդիւնք Լիբանանէն Հայաստան ուղղուող ճամբորդներուն թիւը անցաւ 40 հազարը, իսկ հակառակ ուղղութեամբ 11-12 հազար հոգի այցելեց Լիբանան», ըսաւ Ա. Կիտանեան:
Զբօսաշրջութեան նախարարը լուսարձակի տակ առաւ տեղեկատուական մարզին եւ լրատուամիջոցներուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Ան ընդգծեց, որ երկու կողմերն ալ պէտք է իրենց քաղաքացիներուն լաւապէս ներկայացնեն երկիրները եւ ցոյց տան իւրաքանչիւր երկրի մէջ եղող զբօսաշրջական կարելիութիւնները: Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ծառայութիւնները բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին` աւելցնելով, որ կլիման իր կարգին բաւական բարենպաստ է:
«Եթէ քարոզչական արշաւը շարունակենք, ապա զբօսաշրջական մեծ կարելիութիւններ կան այս մարզին մէջ: Զբօսաշրջական կարելիութիւններուն մասին քաղաքացիները տեղեակ պահելէ բացի, պէտք է ստեղծել նաեւ պայմաններ, որպէսզի այս մարզին առեւտուրով զբաղողները կարենան իրենց ունեցածը վաճառել», ըսաւ ան:
Ա. Կիտանեան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կայ հայկական մեծ գաղութ` աւելցնելով, որ լիբանանահայերը միշտ կը ձգտին այցելել Հայաստան: «Մեծ թիւով արաբներ եւս հետաքրքրուած են Հայաստանով: Եթէ մատչելի ճամբորդական փաթեթներ ըլլան, ապա վստահ եմ, որ երկկողմանի այցելութիւնները կ՛աշխուժանան», շեշտեց Ա. Կիտանեան` ընդգծելով, որ Լիբանանի պանդոկներու ծառայութեան կարելիութիւններն ու լիբանանեան խոհանոցը բացառիկ են:
Ա. Կիտանեան գնահատեց «Արմենիա» օդանաւային ընկերութեան գործունէութիւնը` դիտել տալով, որ այս օդանաւային ընկերութեան շուկայ մուտք գործելուն պատճառով աշխուժութիւն յառաջացած է, որովհետեւ ան սակերու ճկուն առաջարկներ կը ներկայացնէ:
Լիբանանցի քաղաքացիներուն նկատմամբ մուտքի արտօնագիրի դիւրացման Հայաստանի քաղաքականութեան մասին խօսելով նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ ատիկա կարեւոր քայլ է:



