Լիբանանեան

Պասիլ Ասմարի Հետ Քննարկեց  Լիբանանցիներուն Տանջանքը

Պասիլ Ասմարի Հետ Քննարկեց Լիբանանցիներուն Տանջանքը

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի երկրին տնտեսական եւ ընկերային տագնապներուն: Հանդիպումէն ետք Ասմար շեշտեց, որ Պասիլին ներկայացուցած է լիբանանցիներուն տանջանքը` կառավարութեան չգոյութեան պատճառով: Ան շեշտեց, որ համադաշնակցութեան անունով պահանջած են կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնել եւ ատակ...

Սարրաֆ Քնեսեթի Կողմէ Որդեգրուած  Օրէնքը Նկատեց Պաղեստինցիներուն  Իրաւունքին Դէմ Բացայայտ Ոտնձգութիւն

Սարրաֆ Քնեսեթի Կողմէ Որդեգրուած Օրէնքը Նկատեց Պաղեստինցիներուն Իրաւունքին Դէմ Բացայայտ Ոտնձգութիւն

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ շաբաթավերջին ընդունեց Աքքարի ժողովրդային պատուիրակութիւնները, որոնց շետ քննարկեց շրջանին կարիքները: Սարրաֆ անոնց ներկայացուց լիբանանեան բանակը հզօրացնելու նպատակով իր տեսլականը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ բանակին իրագործած նուաճումներուն եւ հետագային գործադրուելիք ծրագիրներուն: Սարրաֆ անդրադարձաւ Քնեսեթի որդեգրած «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն» օրէնքին` հաստատելով, որ անիկա  պաղեստինցիներու իրաւունքին դէմ բացայայտ ոտնձգութիւն կը նկատուի եւ կը ջրէ ՄԱԿ-ի բոլոր բանաձեւերը: Սարրաֆ շեշտեց,...

Խուրի. «Սուրիացի Տեղահանուածներու  Թղթածրարը Լուծման Ուղիին Վրայ Կը Գտնուի»

Խուրի. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարը Լուծման Ուղիին Վրայ Կը Գտնուի»

Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի երէկ «Տիար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը սուրիական պետութեան համար առաջնահերթութիւն կը նկատուի 2013-էն ի վեր, երբ կազմուեցաւ Լիբանանի հետ միացեալ յանձնախումբ մը, որուն աշխատանքները օրուան հանրապետութեան նախագահին` զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետին` Նեժիպ Միքաթիի կողմէ խոչընդոտուեցան: Խուրի նշեց, որ քանի մը օր առաջ հանրապետութեան նախագահ զօր....

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն Ետք Իսկական Պատասխանատուները  Կը Ստանձնեն Իրենց Աշխատանքները»

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն Ետք Իսկական Պատասխանատուները Կը Ստանձնեն Իրենց Աշխատանքները»

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք իսկական պատասխանատուներէն կը պահանջուի ուղղուիլ աշխատանքի, «սակայն միայն իսկական պատասխանատուութիւն ստանձնող պլոքներն են, որոնք կը ստանձնեն իրենց աշխատանքները», ըսաւ ան: Սէյիտ Սաֆիէտտին հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ ժամանակ կը կորսնցնեն պատասխանատուներն ու կ՛ուշացնեն կառավարութեան կազմութիւնը, եւ ինչո՞ւ Հըզպալլան կը փափաքի արագացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: «Պարզ ու յստակ ըսենք, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ Ուսման գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` երկուշաբթի, 23 յուլիս 2018-ին: ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց Պաղեստինի դէմ իսրայէլեան նոր բռնարարքին դիմադրելու նպատակով կազմելու արաբական-իսլամական ճակատ մը: Հասան խստիւ դատապարտեց Քնեսեթի որդեգրած «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն» օրէնքը: ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ Մուխթարայի...

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը  Խոչընդոտող Արգելքները Կը Մնան Անլոյծ,  Իսկ Խորհրդարանը Պիտի Ունենայ  Իր Մնայուն Յանձնախումբերը

Լիբանան Պաշտօնապէս Կը Դատապարտէ Քնեսեթի Վաւերացուցած «Հրեայ Ժողովուրդի Ազգային Պետութեան» Օրէնքը

Իբրեւ հակազդեցութիւն իսրայէլեան Քնեսեթին վաւերացուցած «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն» օրէնքին, երէկ Լիբանանի իշխանութեան պետերն ու քաղաքական տարբեր ուժեր պաշտօնապէս դատապարտեցին այդ օրէնքը` զայն նկատելով պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործուած նոր բռնարարք: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ այսպէս կոչուած «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն» օրէնքը պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ նոր յարձակում է եւ անոր ազգային ինքնորոշման ու մայրաքաղաք Երուսաղէմով անկախ պետութեան իրաւունքին...

«Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Լիբանանեան- Ֆրանսական Յարաբերութիւններուն  Եւ Գործակցութեան Ամրապնդումին»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Լիբանանեան- Ֆրանսական Յարաբերութիւններուն Եւ Գործակցութեան Ամրապնդումին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթին` ներկայութեամբ ֆրանսացի նոտարներու մէկ պատուիրակութեան, որուն կը նախագահէր Տիտիէ Քուաֆայէտը: Հանդիպումին ընթացքին Քուաֆայէտ յայտնեց, որ իրենք ուրախ են Լիբանան կատարած իրենց այցելութեամբ, որուն նպատակն է լիբանանցի նոտարներու հետ գործակցութիւնը ամրապնդել եւ համաձայնագիր ստորագրել: Նախագահ Աուն մեծապէս գնահատեց նոտարներու ասպարէզին արձանագրած բարգաւաճումը` ընդգծելով լիբանանեան եւ ֆրանսական խորհրդարաններուն միջեւ...

Նախարար Ա. Կիտանեանը` Զբօսաշրջութեան  Մարզին Մէջ Փայլող Անուն

Նախարար Ա. Կիտանեանը` Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Փայլող Անուն

Աշխատանք որոնողներու միութիւնը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզը ունեցած է փայլող անուն մը, որ կը կոչուի Աւետիս Կիտանեան: Հաղորդագրութեան մէջ միութիւնը ընդգծեց, որ նախարար Կիտանեան զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը վերածած է աշխատանքի փեթակի մը եւ տարբեր ծրագիրներու նախաձեռնած` Լիբանանը արաբներուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն ամարանոցէն վերածելու համաշխարհային ամարանոցի: «Այս պատճառով ալ այս օրերուն մեծ թիւով երեսփոխանական պլոքներ,...

Մատրիտի Մէջ.   «Կառավարութեան Կազմութիւնը Մօտալուտ Է,  Իսկ Համախոհութիւնը Միակ Լուծումն Է»  Շեշտեց Հարիրի

Մատրիտի Մէջ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Մօտալուտ Է, Իսկ Համախոհութիւնը Միակ Լուծումն Է» Շեշտեց Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Մատրիտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ Փերես Քասթեխոնի հետ: Մատրիտի մէջ Հարիրին դիմաւորեց Սպանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Հալա Քէյրուզը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մարիա Վերի Տելա Փենայի: Հարիրիի ընկերակցեցան մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի եւ վարչապետի խորհրդական Հանի Համմուտ: Վարչապետ Հարիրի Քասթեխոնի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս...

Զօր. Աուն Հրաժեշտ Տուաւ Զօր. Պերիի

Զօր. Աուն Հրաժեշտ Տուաւ Զօր. Պերիի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու սահմանային Կապոյտ գիծին իրավիճակը: Հանդիպումը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Զօր. Աուն յաջողութիւն մաղթեց զօր. Պերիի` մեծապէս գնահատելով անոր աշխատանքը իբրեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար:

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Քաղաքական  Անձնաւորութիւններուն  Կազմելու Կառավարութիւն Մը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Կազմելու Կառավարութիւն Մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական անձնաւորութիւններուն կազմելու կառավարութիւն մը` հաստատելով, որ կարելի չէ երկիրը այս կացութեան մէջ պահել: Ռայի պատրիարքը նշեց, որ ինք ամէնօրեայ դրութեամբ այս կոչը պիտի ուղղէ` նկատի ունենալով երկրին տնտեսական կացութիւնը: Ան մաղթեց, որ Աստուած օգնութեան հասնի վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որպէսզի ան կարենայ գոհացնել քաղաքական բոլոր ուժերը:...

Եմէն Կը Սպասէ Լիբանանի Պատասխանին

Եմէն Կը Սպասէ Լիբանանի Պատասխանին

Եմէնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ Եամանի յայտնեց, որ Եմէնի կառավարութիւնը կը սպասէ Լիբանանի պատասխանին` Եմէնի մէջ Հըզպալլայի միջամտութիւններուն մասին: Ան նշեց, որ կարելի չէ Եմէնի որոշումներուն միջամուխ դառնալ միլիսներու կողմէ` աւելցնելով, որ եմէնեան պետութիւնը պիտի չարտօնէ, որ որեւէ երկիր միջամուխ դառնայ իր ներքին հարցերուն եւ քաղաքացիները անվտանգութեան ենթարկէ: Նշենք, որ այս մասին Եմէնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ մը առաջ բողոքագիր...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ հաշիշի ցանքին օրինականացումին զուգահեռ պէտք է որդեգրել խիստ պատժամիջոցներ` հաշիշի գործածութեան եւ անոր առեւտուրով զբաղելու պարագաներուն: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն հաշիշի ցանքի օրինականացումին գծով նշեց, որ հաշիշի արտածումին եւ բժշկական նպատակներով անոր գործածութեան միջեւ տարբերութիւններ ճշդելու առումով լուրջ դժուարութիւններ կան: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի երկուշաբթի օր պիտի հրաւիրէ մամլոյ ասուլիսի...

Նախագահ Աուն Սալամէի Հետ Քննարկեց  Երկրին Ելեւմտական Կացութիւնը

Նախագահ Աուն Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Կացութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական կացութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սալամէ հաստատեց, որ երկրին ելեւմտական կացութիւնը կայուն է` աւելցնելով, որ ելեւմտական կացութեան մասին կատարուած յայտարարութիւններն ու տրուած թիւերը անճիշդ են: Սալամէ ընդգծեց, որ լիբանանեան դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարները տարեկան դրութեամբ 5 առ հարիւրի աճ կ՛արձանագրեն:...

Պըրրի Փորձագէտներէ Կը Խնդրէ Հաշիշի  Ցանքի Օրինականացման Վերաբերող  Օրինագիծ Մը Պատրաստել

Պըրրի Փորձագէտներէ Կը Խնդրէ Հաշիշի Ցանքի Օրինականացման Վերաբերող Օրինագիծ Մը Պատրաստել

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կազմեց փորձագէտներու յանձնախումբ մը եւ անոնց յանձնեց հաշիշի ցանքը օրինականացնելու մասին օրինագիծ մը պատրաստելու պարտականութիւնը: Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սինիորա նշեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիներուն եւ պետութեան միջեւ անվստահութիւնը կը խորանայ` աւելցնելով, որ անիկա իր հետեւանքները ունի ազգային տնտեսութեան եւ...

Վարչապետ Հարիրի Ստացաւ Բանակի Հիմնադրութեան  Տօնակատարութեան Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Վարչապետ Հարիրի Ստացաւ Բանակի Հիմնադրութեան Տօնակատարութեան Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ վարչապետին յանձնեց բանակի հիմնադրութեան տօնակատարութեան, ինչպէս նաեւ Սպայից վարժարանի աւարտական հանդէսին ներկայ գտնուելու հրաւէր մը` նշելով, որ այս տարեշրջանին աւարտող հունձքը պիտի կոչուի «Բարձունքներու արշալոյս»-ը սերունդ: Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի նախքան Մատրիտ մեկնիլը «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան համար...

Սուրի Ծովափին Վրայ Գտնուող Զբօսաշրջային  Ամալիրներու Սեփականատէրերը Կը Բողոքեն  Զրպարտութիւններուն Դէմ

Սուրի Ծովափին Վրայ Գտնուող Զբօսաշրջային Ամալիրներու Սեփականատէրերը Կը Բողոքեն Զրպարտութիւններուն Դէմ

Սուրի ծովափին վրայ գտնուող զբօսաշրջային համալիրներու սեփականատէրերը գործադրեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին դատապարտեցին Սուրի ջուրերու ապականումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած զրպարտութիւնները: Սուրի զբօսաշրջային համալիրներու սեփականատէրերու յանձնախումբի նախագահ Նասիֆ Սրուր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` պետութենէն պահանջելով պէտք եղած բոլոր քայլերուն դիմել եւ տեղեկատուական անպատասխանատու հաղորդումներուն վերջ տալ` նկատի ունենալով անոնց ունեցած հետեւանքները զբօսաշրջութեան եւ ծովափ այցելող քաղաքացիներուն ու զբօսաշրջիկներուն վրայ: Սրուր...

Ժահժահ. «Ոչ Ոք Կրնայ Հարիրիէն Վարչապետի  Պաշտօնը Խլել, Իսկ Պասիլի Վարուելակերպը  Կ՛ականահարէ Ներկայ Իշխանութիւնը»

Ժահժահ. «Ոչ Ոք Կրնայ Հարիրիէն Վարչապետի Պաշտօնը Խլել, Իսկ Պասիլի Վարուելակերպը Կ՛ականահարէ Ներկայ Իշխանութիւնը»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան համար ժամկէտ մը չէ ճշդուած Լիբանանի սահմանադրութեան մէջ: Ան հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ Սաատ Հարիրիէն վարչապետի պաշտօնը խլել` աւելցնելով, որ երկրին սահմանադրութիւնը եւ Ազգային ուխտը պէտք չէ քանդել: Ժահժահ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին արագօրէն միջամտելու եւ փրկելու կացութիւնը`...

Հզօր Հանրապետութիւն Համախմբումը  Զօր. Աունին Յայտնեց Բանակին  Նկատմամբ Իր Զօրակցութիւնը

Հզօր Հանրապետութիւն Համախմբումը Զօր. Աունին Յայտնեց Բանակին Նկատմամբ Իր Զօրակցութիւնը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասիի: Հանդիպումին ընթացքին Ապու Ասի շեշտեց, որ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը կը զօրակցի բանակին` աւելցնելով, որ բանակին զինումը եւ հզօրացումը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ռազմավարական նպատակներուն մաս կը կազմէ: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Անկախութեան շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ, որ բանակի հրամանատարին հետ քննարկեց...

Պաալպեքի Մէջ.   Ապպաս Իպրահիմ Բացումը Կատարեց Ընդհանուր  Ապահովութեան Ուժերու Նոր Կեդրոնին

Պաալպեքի Մէջ. Ապպաս Իպրահիմ Բացումը Կատարեց Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Նոր Կեդրոնին

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ Պաալպեքի մէջ բացումը կատարեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու նոր կեդրոնին: Ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի նախարարներ Ղազի Զաայթեր եւ Հիւսէյն Հաժ Հասան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ եւ հոգեւորականներ: Իպրահիմ յայտնեց, որ Պեքաայի մէջ համերաշխութեան ոգին միշտ կը դրսեւորուի Արսալի, Հերմելի, Տէյր Ահմարի, Քաայի եւ Եամմունէի միջեւ: «Պեքաայի մէջ ազգային միասնականութեան ոգիի...

Page 633 of 987 1 … 632 633 634 … 987

Արխիւներ