Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մատրիտի Մէջ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Մօտալուտ Է, Իսկ Համախոհութիւնը Միակ Լուծումն Է» Շեշտեց Հարիրի

July 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Մատրիտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ Փերես Քասթեխոնի հետ:

Մատրիտի մէջ Հարիրին դիմաւորեց Սպանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Հալա Քէյրուզը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մարիա Վերի Տելա Փենայի:

Հարիրիի ընկերակցեցան մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի եւ վարչապետի խորհրդական Հանի Համմուտ:

Վարչապետ Հարիրի Քասթեխոնի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու հեռանկարները:

Հարիրի փափաք յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սպանիոյ միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդուին` ապահովելու համար երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն շահերը:

Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պրազիլի նախագահ Միշել Թամերի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը:

Նշենք, որ Հարիրի Սպանիա կատարած իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Մատրիտի վարչագիտութեան «Այ. Ի.» համալսարանին լիբանանցի ուսանողներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետը հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է` ընդգծելով լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համախոհութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը:

Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ համախոհութիւնը միակ լուծումն է` նկատի ունենալով երկրին բազմազանութիւնը:

«Կարելի չէ մեծամասնական կամ փոքրամասնական կառավարութիւն կազմել: Նախապէս այս քայլը որդեգրուած է, սակայն ձախողած: Հետեւաբար համախոհութիւնն է միակ ելքը», հաստատեց Հարիրի:

Ան ըսաւ, թէ իբրեւ վարչապետ իր դերակատարութիւնը կը կայանայ քաղաքական տարբեր ուժերը համախմբելու մէջ` հակառակ տիրող տարակարծութիւններուն:

Վարչապետը շեշտեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել Լիբանանի զարթօնքին եւ բոլոր մարզերուն բարգաւաճումին ի խնդիր: «Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերուն ծառայելու համար պէտք է պայքարինք փտածութեան դէմ», յայտնեց Հարիրի` կոչ ուղղելով լիբանանցի ուսանողներուն վերադառնալու Լիբանան, ուր տարեկան դրութեամբ հարիւր հազար նոր աշխատանքի կարելիութիւն պիտի ստեղծուի` «Սետր»-ի խորհրդաժողովի արդիւնքներուն իբրեւ դրսեւորում:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը կառավարութեան կազմութեան իր աշխատանքը ժամկէտով չի սահմանափակեր` աւելցնելով, որ երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը բախումներ եւ բաժանումներ չի կրնար հանդուրժել:

Հարիրի նշեց, որ կառավարութիւնը ի վերջոյ պիտի կազմուի եւ քաղաքական բոլոր ուժերը իրարու դիմաց պիտի նստին նոյն սեղանին վրայ` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ պէտք է ներքաշուիլ լարուած երկխօսութեան մէջ:

Վարչապետը շեշտեց, որ ինք տեղեակ է, թէ ոմանք պիտի քննադատեն զինք` աւելցնելով, որ ինք իր համախոհական կեցուածքէն պիտի չզիջի, յատկապէս նկատի ունենալով, որ պահանջուած է կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ ոչ ոք կը բացառէ:

Հարիրի նշեց, որ ինք կը մերժէ քաղաքական ուժերուն կողմէ կատարուած այն ամբաստանութիւնները, թէ ինք կարգ մը քաղաքական կողմեր կը լուսանցքայնացնէ:

«Լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է զիջին: Ես լաւատես եմ այն ճշմարտութեամբ, որ քաղաքական բոլոր ուժերը ճշդած են իրենց պահանջները եւ կը գիտակցին, թէ ի՛նչ կրնան ստանալ եւ ի՛նչը անկարելի է ստանալ: Հետեւաբար բոլորս պէտք է համեստօրէն մօտենանք այս հարցին, որովհետեւ քաղաքական, ապահովական թէ տնտեսական որեւէ պայթումի պարագային բոլոր կողմերը պիտի վնասուին այդ պայթումին «բեկոր»-ներէն:

Հարիրի հաստատեց, որ ինք միշտ համաձայն պիտի մնայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` ընդգծելով ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան կառչածութիւնն ու Թաէֆի համաձայնագիրին նկատմամբ յարգանքը:

 

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Հրաժեշտ Տուաւ Զօր. Պերիի

Յաջորդը

Նախարար Ա. Կիտանեանը` Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Փայլող Անուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.