Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կազմեց փորձագէտներու յանձնախումբ մը եւ անոնց յանձնեց հաշիշի ցանքը օրինականացնելու մասին օրինագիծ մը պատրաստելու պարտականութիւնը:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սինիորա նշեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիներուն եւ պետութեան միջեւ անվստահութիւնը կը խորանայ` աւելցնելով, որ անիկա իր հետեւանքները ունի ազգային տնտեսութեան եւ ելեւմտական հարցերուն վրայ:
Սինիորա նշեց, որ ներքին լիբանանեան վստահութիւնը ամրապնդելու կողքին, կարիքը կայ նաեւ ամրապնդելու Լիբանանի եւ միջազգային ընտանիքին միջեւ վստահութիւնը: «Այս շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ կը գտնեմ Լիբանանի մէջ դրական ցնցում մը յառաջացնելը: Ցնցում մը, որուն մասնակցին բոլորը, որովհետեւ բոլորը պատասխանատու են այս իրավիճակին», ըսաւ ան:
Սինիորա անհրաժեշտ նկատեց երկրին ու պետութեան հիմնական սկզբունքներուն, սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալը: Ան հաստատեց, որ բոլոր նախարարները պէտք է յարգեն օրէնքները եւ գործադրեն զանոնք` երկիրը վերածելու համար օրէնքի եւ հաստատութենական պետութեան:
Սինիորա ընդգծեց լիբանանեան պետութեան իրաւունքը` տէրը դառնալու պետական բոլոր կալուածներուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց պետական հաստատութիւններուն եւ վարչութիւններուն մէջ աշխատանքի ընդունելու ատակ անհատները:
«Ժամանակն է գործելու հիմնուելով միայն լիբանանեան պետութեան սկզբունքներուն վրայ, եւ կը հաստատեմ, որ մենք կարող ենք դուրս գալ այս տագնապէն», շեշտեց ան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ անոր յանձնեց բանակի հիմնադրութեան տօնակատարութեան, ինչպէս նաեւ Սպայից վարժարանի աւարտական հանդէսին ներկայ գտնուելու հրաւէր մը` նշելով, որ այս տարեշրջանին աւարտող հունձքը պիտի կոչուի «Բարձունքներու արշալոյս»-ը սերունդ:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպան, նախկին երեսփոխան Ֆարիտ Էլիաս Խազեն:



