ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ Ուսման գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` երկուշաբթի, 23 յուլիս 2018-ին:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց Պաղեստինի դէմ իսրայէլեան նոր բռնարարքին դիմադրելու նպատակով կազմելու արաբական-իսլամական ճակատ մը: Հասան խստիւ դատապարտեց Քնեսեթի որդեգրած «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն» օրէնքը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ Մուխթարայի մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց շրջանին կարիքները, ինչպէս նաեւ ընդունեց Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ ընդունեց Եգիպտոսի մշակոյթի նախարար Ինաս Ապտել Տայեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները եւ մշակութային մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց պաղեստինեան միասնականութեան` խստիւ դատապարտելով Քնեսեթի որդեգրած «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն» օրէնքը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա հաստատեց, որ ոչինչ կը բաժնէ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ` շեշտելով, որ անոնք միշտ հաշտ պիտի մնան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի ընդգծեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունի լայն իրաւասութիւններ, որոնք իրեն շնորհուած են երկրին սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին շնորհիւ:
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ պաղեստինեան միասնականութիւնը հզօր զէնք մըն է, որ իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմաց չ՛ընկրկիր:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ նշեց, որ սուրիական վարչակարգին հետ համադրումը կատարուած է վերջինին խնդրանքով` նկատի ունենալով սուրիացի տեղահանուածներուն կատարելիք տունդարձը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր լիկայի նախագահ Ուատիհ Խազեն զգուշացուց արաբական պաշտօնական անտեսումէն` շեշտելով, որ Իսրայէլը հրէական պետութիւն յայտարարել կը նշանակէ շրջանին մէջ խաղաղութեան վերջ մը դնել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը վտանգի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ կարգ մը ընկերութիւններու մօտ պաշտօնեաները հաւաքաբար գործէ արձակելու դէպքեր արձանագրուած են:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն անկողմնակալ չի գտնուիր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ սուրիական վարչակարգին հետ համադրելու աշխատանքը կը կատարուի լիբանանեան պետութեան որոշումով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի մօտիկ աղբիւրներ վարչապետ Սաատ Հարիրիին յայտնած են, որ Պասիլ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին միջամուխ պիտի չդառնայ:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, թէ վարչապետն է, որ կը ճշդէ կառավարութեան կազմութեան չափանիշները:


