Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ վարչապետին յանձնեց բանակի հիմնադրութեան տօնակատարութեան, ինչպէս նաեւ Սպայից վարժարանի աւարտական հանդէսին ներկայ գտնուելու հրաւէր մը` նշելով, որ այս տարեշրջանին աւարտող հունձքը պիտի կոչուի «Բարձունքներու արշալոյս»-ը սերունդ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի նախքան Մատրիտ մեկնիլը «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան համար իր սկսած վերջին խորհրդակցութիւնները նոր շունչ մը տուած են իր ճիգերուն, ինչպէս նաեւ կասեցուցած տեղեկատուական մարզին ընդմէջէն կատարուող ցեխարձակումները:
Հարիրի շեշտեց նաեւ, որ տիրող մթնոլորտը լաւատեսական է եւ դրական` աւելցնելով, որ ինք վստահ է, թէ պիտի յանգի կառավարութեան այնպիսի կազմի մը, որուն համաձայն պիտի ըլլան երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը:
Հանրապետութեան նախագահին հետ իր յարաբերութիւնները կասկածի տակ առնող արտայայտութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ նախագահ Աունի հետ իր յարաբերութիւնը անկարելի է կասկածի տակ առնել: Ան հաստատեց, որ այդ յարաբերութիւնը այնքան հզօր է, որ յօդուածները, վերլուծումներն ու մաղթանքները չեն կրնար ցնցել զայն: «Այդ յարաբերութիւնը հիմնուած է արմատներ ունեցող սկզբունքներու վրայ եւ այդ պատճառով ալ անշարժ է: Այս ընտրանքին շուրջ մենք համաձայնած ենք եւ չենք կրնար այդ համաձայնութիւնը չեղեալ նկատել: Իմ եւ նախագահ Աունի համար ազգային շահերը կը գերազանցեն ամէն բան», հաստատեց Հարիրի:
Ան նշեց, որ ոմանք հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին իրաւասութիւններուն հետ կը փափաքին խաղալ, «սակայն անոնք նկատի չեն առներ, թէ կայ սահմանադրութիւն մը, որ շատ յստակ է, եւ նախագահ Աուն յանձնառու է սահմանադրութեան գործադրութեան: Մեր միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը ամէն բանէ վեր է», ըսաւ Հարիրի:
Վարչապետ Հարիրի նշեց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ իր վերջին հանդիպումը եղած է սովորական` աւելցնելով, որ իրենք մնայուն կապի մէջ են, եւ այդ մէկը բնական է: «Մեր միջեւ խորհրդակցութիւնները միշտ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ կը կատարուին, եւ այս մէկը բնական է: Իբրեւ վարչապետ իմ պարտականութիւնս է քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ խորհրդակցիլ եւ կապ պահել», հաստատեց վարչապետ Հարիրի:



