Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաալպեքի Մէջ. Ապպաս Իպրահիմ Բացումը Կատարեց Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Նոր Կեդրոնին

July 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ Պաալպեքի մէջ բացումը կատարեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու նոր կեդրոնին:

Ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի նախարարներ Ղազի Զաայթեր եւ Հիւսէյն Հաժ Հասան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ եւ հոգեւորականներ:

Իպրահիմ յայտնեց, որ Պեքաայի մէջ համերաշխութեան ոգին միշտ կը դրսեւորուի Արսալի, Հերմելի, Տէյր Ահմարի, Քաայի եւ Եամմունէի միջեւ: «Պեքաայի մէջ ազգային միասնականութեան ոգիի խախտումը եւ շրջաններուն բաժանումը արգիլուած է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախապէս Լիբանանը բաժնելու փորձեր կատարուած են, իսկ այսօր այդ փորձերը կը կրկնուին Պեքաան հարաւային Լիբանանէն բաժնելու նպատակով:

Իպրահիմ հաստատեց, որ այդ փորձին նախաձեռնողները մոռցած են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ տարիներ առաջ արտասանուած հետեւեալ խօսքը. «Լիբանան շատ մեծ է կուլ տալու համար, իսկ շատ փոքր` մասնատուելու համար»:

Ան հաստատեց, որ թշնամիին օգտագործած ամէնէն վտանգաւոր զէնքը սադրանքներու եւ կասկածներու նախապատրաստութիւնն է: «Հետեւաբար պէտք է դիմադրենք վստահութեամբ եւ միացեալ կեցուածքի որդեգրումով», շեշտեց ան:

Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց Պեքաայի կարիքները հոգալու եւ շրջանի բարգաւաճման համար ծրագիրներու դիմելու կարեւորութիւնը:

Ան ուրախութիւն յայտնեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու նոր կեդրոնի բացումին առիթով` շեշտելով, որ Պեքաան պիտի վերածուի անվտանգութեան օրինակելի տիպարին` մնալով լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան եւ հակակշիռին տակ:

Իպրահիմ ընդգծեց, թէ ներկայիս պահանջուածը այն է, որ Պեքաայի եւ Պաալպեքի մէջ ընտանեկան հաշտութիւններ կատարուին, եւ վերջ տրուի վրէժխնդրութեան գործողութիւններուն, որոնք արիւնահեղութիւն, ատելութիւն եւ բռնարարքներ կը սերմանեն:

ՄԻՒՍ կողմէ, Իպրահիմ յայտնեց, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներ երկու փուլով տունդարձ պիտի կատարեն: Այս մասին ան յաւելեալ մանրամասնութիւններ չներկայացուց:

Այս շրջագիծին մէջ «Ախպար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով սուրիական աղբիւրներէն, գրեց, թէ Դամասկոս այսօր իսկ պատրաստ է իր տեղահանուած հազարաւոր քաղաքացիները ընդունելու:

 

 

Նախորդը

«Առանց Հարիրիի Չկայ Կառավարութիւն» Շեշտեց Սամի Ֆաթֆաթ

Յաջորդը

Հզօր Հանրապետութիւն Համախմբումը Զօր. Աունին Յայտնեց Բանակին Նկատմամբ Իր Զօրակցութիւնը

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.