Եմէնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ Եամանի յայտնեց, որ Եմէնի կառավարութիւնը կը սպասէ Լիբանանի պատասխանին` Եմէնի մէջ Հըզպալլայի միջամտութիւններուն մասին:
Ան նշեց, որ կարելի չէ Եմէնի որոշումներուն միջամուխ դառնալ միլիսներու կողմէ` աւելցնելով, որ եմէնեան պետութիւնը պիտի չարտօնէ, որ որեւէ երկիր միջամուխ դառնայ իր ներքին հարցերուն եւ քաղաքացիները անվտանգութեան ենթարկէ:
Նշենք, որ այս մասին Եմէնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ մը առաջ բողոքագիր մը յղած էր լիբանանեան պետութեան:



