Լիբանանեան

Հարիրի. «Մօտիկ Ապագային Պաապտա Պիտի Այցելեմ Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ժամկէտի Յանձնառութիւն Չունիմ»

Հարիրի. «Մօտիկ Ապագային Պաապտա Պիտի Այցելեմ Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ժամկէտի Յանձնառութիւն Չունիմ»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտնեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Պաապտա` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են: «Կառավարութեան կազմութեան համար ժամկէտ չեմ ճշդած եւ այդ իմաստով ժամկէտի յանձնառութիւն չունիմ», ըսաւ վարչապետ Հարիրի: Հարիրի երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որմէ ետք շեշտուեցաւ, թէ արձանագրուած շրջանային զարգացումներուն զուգահեռ կառավարութեան կազմութիւնը հիմնական է: Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով`...

Նախագահ Աուն Սէյիտի Հետ Քննարկեց Պեքաայի Ապահովական Իրավիճակը

Նախագահ Աուն Սէյիտի Հետ Քննարկեց Պեքաայի Ապահովական Իրավիճակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` պահպանելով Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող հարցեր, որոնց լոյսին տակ ակնարկութիւն կատարուեցաւ նաեւ Պեքաայի ապահովական իրավիճակին: Սէյիտ անդրադարձաւ Համմուտիէի մէջ լիբանանեան բանակին գործողութեան` հաստատելով, որ բանակը յանձնառու...

Թերզեան. «Լիբանանահայութիւնը Միշտ Ալ Զօրակցած Է Երկրին Ապահովական Կայունութեան, Քաղաքացիական Անվտանգութեան Եւ Լիբանանեան Համերաշխութեան Ամրապնդումին»

Թերզեան. «Լիբանանահայութիւնը Միշտ Ալ Զօրակցած Է Երկրին Ապահովական Կայունութեան, Քաղաքացիական Անվտանգութեան Եւ Լիբանանեան Համերաշխութեան Ամրապնդումին»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան «Տիար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին կը հետեւի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ Կեդրոնական կոմիտէն այդ հոլովոյթը չի խոչընդոտեր եւ չի պնդեր, որ լիբանանահայութեան պատկանող երկու նախարարները անպայման Դաշնակցութեան թեկնածուները ըլլան: «Մենք հարց չունինք մէկ նախարարով ներկայացուելու, սակայն իբրեւ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ...

Պըրրի Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող հարցերը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ատուան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ...

Հանրութեան Ցամաքային Փոխադրութեան Միջոցներու Համադաշնակցութիւնը Այսօր Պիտի Գործադրէ Բողոքի Ցոյց Մը

Հանրութեան Ցամաքային Փոխադրութեան Միջոցներու Համադաշնակցութիւնը Այսօր Պիտի Գործադրէ Բողոքի Ցոյց Մը

Հանրութեան ցամաքային փոխադրութեան միջոցներու համադաշնակցութիւնը այսօր պիտի գործադրէ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին առաւօտեան ժամը 6:00-9:00 պիտի փակուին լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն ճամբաները, յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Ցամաքային փոխադրութեան միջոցներու սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ Պէյրութի մէջ պիտի փակուին Քաֆաաթի, Մրայժէի, քուէյթեան դեսպանատան հրապարակի, Պիր Հասանի եւ Քոլայի կամուրջի ճամբաները, ուրկէ առաւօտեան ժամը...

Համմուտիէի Գործողութիւնը Լիբանանեան Բանակին Համար Նուաճում Է

Համմուտիէի Գործողութիւնը Լիբանանեան Բանակին Համար Նուաճում Է

Պրիթելի Համմուտիէի գիւղաքաղաքին մէջ Ալի Զէյտ Իսմայէլի ու անոր նախագահած զինեալ խմբաւորումին դէմ լիբանանեան բանակին կատարած գործողութիւնը դատապարտող  կողմեր, երէկ առաւօտեան փակեցին Պրիթելի ճամբան եւ գիւղաքաղաքին մուտքին անիւներ հրկիզեցին, հակառակ անոր որ Ալի Իսմայէլի դէմ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները 2941 բերման գիր արձակած են: Այդ բերման գիրերը կը վերաբերին Իսմայէլի տարբեր յանցանքներուն, ինչպէս` զէնքի, զինամթերքի եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգում, ինքնաշարժի գողութիւն, պետական...

Մաշնուք Սարրաֆի Հետ Քննարկեց Ռուսական Միջնորդութեան Մանրամասնութիւնները

Մաշնուք Սարրաֆի Հետ Քննարկեց Ռուսական Միջնորդութեան Մանրամասնութիւնները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերեալ ռուսական միջնորդութեան մանրամասնութիւնները: Մաշնուք շնորհաւորեց Սարրաֆը` Պեքաայի մէջ լիբանանեան բանակին արձանագրած ապահովական նոր նուաճումին առիթով: Ան գնահատեց Համմուտիէի գործողութիւնը, որ շրջանին ապահովութիւնը երաշխաւորող լուրջ ծրագիր մը կը նկատուի:  

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Անհրաժեշտ Կը Գտնէ Լիբանանի Ազգային Միասնականութեան Կառավարութեան Անմիջական Կազմութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Անհրաժեշտ Կը Գտնէ Լիբանանի Ազգային Միասնականութեան Կառավարութեան Անմիջական Կազմութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր նիստին ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը անմիջապէս կազմուի: Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին ներկայացուց հարաւային Լիբանանի մէջ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան վերաբերող տեղեկագիրը, որուն լոյսին տակ Հըզպալլան ամբաստանեց իր գերիշխանութիւնը բանեցնելու իմաստով Լիբանանի կառավարութեան կարողութիւնը ականահարելու յանցանքով: Ան նշեց, որ Հըզպալլա տակաւին կը յայտարարէ զինուորական իր...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կատարեց գրառում մը, թէ ինք քանի մը օրով կը մեկնի Լիբանանէն եւ լիայոյս է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի շուտով պիտի աւարտէ կառավարութեան կազմութեան գծով իր հաշուարկները: Նշենք, որ Պասիլ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի մասնակցի կրօնի ազատութեան ամրապնդումին նուիրուած խորհրդաժողովի մը: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարուան Համատէ երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ...

Մինչ Հազար Սուրիացի Տեղահանուածներ Լիբանանէն Տունդարձ Կը Կատարեն, Պրիթելի Մէջ 8 Զինեալներ Կը Զգետնուին Եւ 41 Ուրիշներ Կը Ձերբակալուին

Մինչ Հազար Սուրիացի Տեղահանուածներ Լիբանանէն Տունդարձ Կը Կատարեն, Պրիթելի Մէջ 8 Զինեալներ Կը Զգետնուին Եւ 41 Ուրիշներ Կը Ձերբակալուին

Երէկ առաւօտեան հազար սուրիացի տեղահանուածներ Արսալէն վերադարձան Սուրիա` Զամարանիի անցքով: Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կատարուեցաւ կազմակերպուած կերպով եւ կատարեալ խաղաղութեամբ: Նշենք, որ լիբանանեան բանակը, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ սուրիական բանակի պատասխանատուներ հսկեցին տեղահանուածներու տունդարձին: Իպրահիմ հաստատեց, որ տեղահանուածներու տունդարձի այդ ընթացքը պիտի շարունակուի, մինչեւ բոլոր տեղահանուածներուն Սուրիա վերադարձը: Այս մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անհրաժեշտ նկատեց...

Նախագահ Աուն Զօր. Պերին Պարգեւատրեց Մայրիներու Շքանշանով

Նախագահ Աուն Զօր. Պերին Պարգեւատրեց Մայրիներու Շքանշանով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Նախագահ Աուն դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութեան պահպանումին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան գծով: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք զօր. Պերիի հետ հանդիպումին ընթացքին վերստին յայտնած է, թէ...

Ռայի Պատրիարքը Եռօրեայ Հովուապետական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Յորդանան

Ռայի Պատրիարքը Եռօրեայ Հովուապետական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Յորդանան

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ եռօրեայ հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Յորդանան` ընդառաջելով Յորդանանի վարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Օմար Ռազազի հրաւէրին: Ռայի պատրիարքը դիմաւորուեցաւ նախկին վարչապետ Թահեր Մասրիի, զբօսաշրջութեան նախարար Լինա Անապի, Յորդանանի մէջ Լիբանանի դեսպան Թրէյսի Շամունի եւ մարոնի համայնքի Յորդանանի առաջնորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին կողմէ: Ռայի պատրիարքը իր այցելութիւնը սկսաւ նախագահելով Մար Շարպել եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին: Իր...

Պըրրի` Խորհրդարանի Նախագահ  Ֆըրզլի` Խորհրդարանի Փոխնախագահ  Յ. Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ

Պըրրի Խորհրդարանական Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ քաղաքապետարաններու հարցերու, կրթութեան, բարձրագոյն ուսման եւ մշակոյթի, առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի, երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան, կենսոլորտի, հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 26 յուլիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Միացեալ նիստին ընթացքին...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.  «Կը Փափաքինք, Որ Մուսթաքպալ Հոսանքէն Անկախ Ընտրուած Վեց Սիւննի Երեսփոխանները Կառավարութեան Մէջ Ներկայացուին»  Շեշտեց Մըրատ

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Կը Փափաքինք, Որ Մուսթաքպալ Հոսանքէն Անկախ Ընտրուած Վեց Սիւննի Երեսփոխանները Կառավարութեան Մէջ Ներկայացուին» Շեշտեց Մըրատ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան եւ Մըրատ միակարծիք էին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու անհրաժեշտութեան գծով: Մըրատ նշեց, որ հանրապետութեան միւֆթին կը զօրակցի վարչապետ Սաատ Հարիրիին` կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ` աւելցնելով, որ իրենք փափաք յայտնած են, որ Մուսթաքպալ հոսանքէն...

Մաշնուք Լասընի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

Մաշնուք Լասընի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիստինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ Եւրոպական  Միութեան դէտերուն պատրաստած տեղեկագիրը: Լասըն ընդգծեց, որ տեղեկագիրը շատ դրական է` յատկապէս ներքին գործոց նախարարութեան գործունէութեան եւ դերակատարութեան իմաստով: Ան հաստատեց, որ տեղեկագիրը կը բովանդակէ յատուկ բանաձեւեր, որոնք կը վերաբերին յաջորդ ընտրութիւններուն...

Պասիլ Մըքտանըլտի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Պասիլ Մըքտանըլտի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սայմըն Մըքտանըլտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Զօր. Աուն Ընդունեց Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

Զօր. Աուն Ընդունեց Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սայմըն Մըքտանըլտը, որուն ընկերակցեցաւ բրիտանացի դիւանագէտներէ եւ զինուորականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներն ու լիբանանեան եւ բրիտանական բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ուսամա Սաատ: Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս երէկ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի հետ քննարկեց վաղը` չորեքշաբթի, 25 յուլիսին, հանրութեան ցամաքային փոխադրութեան միջոցներու համադաշնակցութեան կատարելիք գործադուլին դրդապատճառները, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ պատասխանատուներուն հետ` լուծելու համար գործադուլի մղող պատճառները: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Սուրիոյ վերաշինութեան փուլը սկսած է աւելի իրական եւ շօշափելի դառնալ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր...

Հարիրի Կ՛ողջունէ Սուրիացի Տեղահանուածներու  Տունդարձին Մասին Մոսկուայի Ծրագիրը

Հարիրի Կ՛ողջունէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Մասին Մոսկուայի Ծրագիրը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին ռուսական հարցերով իր խորհրդական Ժորժ Շաապանէն պահանջեց Ռուսիոյ պետական պաշտօնատարներուն յայտնել, թէ ինք կ՛ողջունէ Լիբանան եւ Յորդանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին Մոսկուայի ծրագիրը: Շաապան այս նպատակով հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ, որմէ իմացաւ սուրիացի տեղահանուածները իրենց բնակարանները փոխադրելու ռուսական ծրագիրին...

«Թրքական Արտադրութիւններու Ներածումը  Արգիլելու Որոշումին Նպատակն Է Պաշտպանել  Լիբանանեան Արտադրութիւնները»   Շեշտեց Ռաէտ Խուրի

«Թրքական Արտադրութիւններու Ներածումը Արգիլելու Որոշումին Նպատակն Է Պաշտպանել Լիբանանեան Արտադրութիւնները» Շեշտեց Ռաէտ Խուրի

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի ընդունեց սննդեղէնի ներածման սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալիի: Հանդիպումին ընթացքին Պոհսալի մտահոգութիւն յայտնեց նախարար Խուրիին` անոր կողմէ անցեալ ամսուան ընթացքին տրուած այն որոշումին մասին, որ կ՛արգիլէ թրքական արտադրութիւններուն ներածումը: Խուրի շեշտեց, որ իր որոշումը ոչ ոք թիրախ կը դարձնէ, այլ տրուած է պաշտպանելու համար լիբանանեան արտադրութիւնները եւ լիբանանեան ճարտարարուեստը, ինչպէս նաեւ...

Page 632 of 987 1 … 631 632 633 … 987

Արխիւներ