Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Ասմարի Հետ Քննարկեց Լիբանանցիներուն Տանջանքը

July 23, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի երկրին տնտեսական եւ ընկերային տագնապներուն:

Հանդիպումէն ետք Ասմար շեշտեց, որ Պասիլին ներկայացուցած է լիբանանցիներուն տանջանքը` կառավարութեան չգոյութեան պատճառով: Ան շեշտեց, որ համադաշնակցութեան անունով պահանջած են կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնել եւ ատակ անձնաւորութիւններ նշանակել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին վերազարթնումը ապահովել եւ զայն դժուար կացութենէ մը փրկել:

Ասմար ընդգծեց, որ իրենք կը պահանջեն կազմել պետական պատասխանատուներուն նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատելու կառավարութիւն մը, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսութեան նկատմամբ վերահաստատել ժողովուրդին վստահութիւնը:

Ան հաստատեց, որ այս մասին Պասիլ բաժնած է նոյն տեսակէտները:

Ասմար աւելցուց, որ իբրեւ լիբանանցիներ եւ աշխատաւորներ իրենք կը տառապին ելեկտրականութեան եւ ջուրի չգոյութեան, փողոցներուն մէջ աղբի կուտակումներուն, փոխադրութեան յստակ ծրագիրներու բացակայութեան եւ բնակարանային վարկերու չգոյութեան պատճառով:

Ան աւելցուց, որ լիբանանցի աշխատաւորը կը տառապի նաեւ լիբանանեան պետութեան չգոյութենէն:

«Պէտք է լիբանանցիներուն վստահութիւնը վերականգնել` յատկապէս լիբանանեան տնտեսութեան նկատմամբ: Լիբանանցի աշխատաւորը կը տանջուի բոլոր այս հարցերուն եւ յատկապէս` աշխատավարձի յաւելում չստանալու պատճառով: Պէտք է կառավարութիւնը կազմել եւ սեփական մարզի աշխատավարձի յաւելումը դարձնել առաջնահերթութիւն», ընդգծեց Ասմար:

Ան նշեց, որ համադաշնակցութիւնը փողոց պիտի չիջնէ մինչեւ կառավարութեան կազմութիւնը, սակայն սեփական մարզի աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացնելու պարագային ընկերային պայթումը անխուսափելի պիտի ըլլայ, եւ պահանջները պիտի ներկայացուին փողոցէն:

Նախորդը

Սարրաֆ Քնեսեթի Կողմէ Որդեգրուած Օրէնքը Նկատեց Պաղեստինցիներուն Իրաւունքին Դէմ Բացայայտ Ոտնձգութիւն

Յաջորդը

«Թրքական Արտադրութիւններու Ներածումը Արգիլելու Որոշումին Նպատակն Է Պաշտպանել Լիբանանեան Արտադրութիւնները» Շեշտեց Ռաէտ Խուրի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.