Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական կացութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սալամէ հաստատեց, որ երկրին ելեւմտական կացութիւնը կայուն է` աւելցնելով, որ ելեւմտական կացութեան մասին կատարուած յայտարարութիւններն ու տրուած թիւերը անճիշդ են:
Սալամէ ընդգծեց, որ լիբանանեան դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարները տարեկան դրութեամբ 5 առ հարիւրի աճ կ՛արձանագրեն:
Սալամէ նաեւ նշեց, որ Կեդրոնական դրամատունը թոյլ տուած է անշարժ գոյքերու պատասխանատուներուն դրամատուներուն նկատմամբ իրենց նիւթական պարտաւորութիւնները կատարելու կալուածներով, իսկ դրամատուները իրենց կարգին այդ կալուածները կրնան 20 տարուան մասնավճարով այլոց վաճառել:
Սալամէ դիտել տուաւ, որ դրամատան մը մասին տարաձայնութիւնները սխալ տեղեկութիւններ են` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատունը կը հսկէ դրամատուներուն իրավիճակին եւ իրենց գումարները դրամատան մէջ պահ դնող քաղաքացիներու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ երկրին նիւթական ընդհանուր իրավիճակին:



