«Առանց Հարիրիի Չկայ Կառավարութիւն» Շեշտեց Սամի Ֆաթֆաթ
Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի դրական ընթացքին մասին կատարուած ակնարկութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է տեղեկատուական մարզին մէջ արձանագրուած ցեխարձակումներուն վերջ տալուն հետ: Ան շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրի կը ջանայ կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ բոլորին իրաւունքներուն կը հսկէ: «Առանց Հարիրիի չկայ կառավարութիւն, իսկ Հարիրիի կողմէ իր պաշտօնէն հրաժարիլը անհաւանական է», ըսաւ ան:...




















