Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասիի:
Հանդիպումին ընթացքին Ապու Ասի շեշտեց, որ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը կը զօրակցի բանակին` աւելցնելով, որ բանակին զինումը եւ հզօրացումը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ռազմավարական նպատակներուն մաս կը կազմէ:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Անկախութեան շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ, որ բանակի հրամանատարին հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը:
Բանակի հրամանատարը ընդունեց նաեւ Զահլէի քաղաքապետ Ասաատ Զղէյպը: Քննարկուեցան Լիբանանի վերաբերող շարք մը հարցեր:



