Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթին` ներկայութեամբ ֆրանսացի նոտարներու մէկ պատուիրակութեան, որուն կը նախագահէր Տիտիէ Քուաֆայէտը:
Հանդիպումին ընթացքին Քուաֆայէտ յայտնեց, որ իրենք ուրախ են Լիբանան կատարած իրենց այցելութեամբ, որուն նպատակն է լիբանանցի նոտարներու հետ գործակցութիւնը ամրապնդել եւ համաձայնագիր ստորագրել:
Նախագահ Աուն մեծապէս գնահատեց նոտարներու ասպարէզին արձանագրած բարգաւաճումը` ընդգծելով լիբանանեան եւ ֆրանսական խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ կան պատմական յարաբերութիւններ, որոնց Լիբանան կը գուրգուրայ եւ յանձնառու կը մնայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումին:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Հանրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց այդ խորհուրդին աշխատանքները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ժիպէյլի փառատօնի կազմակերպիչ խորհուրդը` նախագահութեամբ փառատօնի նախագահ Լաթիֆա Լաքիսի:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Ալի Քանսոյի կինն ու անոր ընտանեկան պարագաները` ընկերակցութեամբ Ղովմի կուսակցութեան նախագահ Հաննա Նաշեֆի եւ երեսփոխան Ասաատ Հարտանի:
Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Աունին` իրենց հետ ցաւակցելու առիթով:
Իր կարգին, նախագահ Աուն գնահատեց հանգուցեալին աշխատանքները, յանդուգն կեցուածքներն ու անկեղծութիւնը` Լիբանանի կառավարութեան մաս կազմած ժամանակաշրջանին:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք չ՛ուզեր մտածել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարող այլ ազդակներու ուղղութեամբ, որովհետեւ համոզուած է, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը ներքին լիբանանեան պարտականութիւն է:
Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով ինք փակած է բոլոր դռները` իր մօտ նշմարուած արտաքին բոլոր միջամտութիւններուն դէմ:
Նախագահ Աուն նշեց, որ ինք իրազեկ է կառավարութեան կազմութեան երկարատեւ ըլլալու հոլովոյթին` շեշտելով, որ իր պատկերացումով` իր իշխանութեան երկրորդ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ առարկայական եւ իրապաշտ, այսինքն` իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ պէտք է պահանջէ այն, ինչ որ կը ներկայացնէ, եւ ոչ թէ այն, ինչ որ կը պատկերացնէ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ յաջորդ կառավարութեան ստանձնելիք կարեւորագոյն աշխատանքներէն պիտի ըլլան երկրին տնտեսական տագնապին լուծումը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը, որ դարձեալ կը նպաստէ Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակին բարելաւումին:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններուն միջեւ պէտք է պաշտօնական յարաբերութիւնները վերահաստատուին: Ան նշեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ուղղակի հաղորդակցութիւն չկայ, սակայն սուրիական պետութեան հետ գործակցութիւնը եւ կապերը կանոնաւոր կերպով պահուած են եւ կը շարունակուին, յատկապէս` ապահովական հարցերու, սուրիացի տեղահանուածներու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու թղթածրարներուն վերաբերեալ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ գաղտնիք չէ, թէ ինք Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմին յանձնած է սուրիական պետութեան հետ պաշտօնական երկխօսութիւնը վարելու պարտականութիւնը, որ կը վերաբերի զուտ երկու թղթածրարներու` ապահովական եւ տեղահանուածներու:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ Իպրահիմ քաղաքական հարցեր եւ թղթածրարներ չի քննարկեր սուրիական պետութեան հետ` աւելցնելով, որ ան միշտ ալ յաջողութեամբ կ՛աւարտէ իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւնները:
Նախագահ Աուն կարեւորութեամբ շեշտեց սուրիական բանակին կողմէ Նուսայպի անցքին ազատագրումը եւ վերաբացումը` ընդգծելով, որ անիկա իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ Լիբանանի շահերուն վրայ, որովհետեւ կ՛աշխուժացնէ երկրին առետրական շարժումը` դէպի Սուրիա, Յորդանան, Իրաք եւ Ծոցի երկիրներ:



