Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էֆ. Պի. Այ.»-ի Տնօրէնը Այցելեց Լիբանան

September 24, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան «Էֆ. Պի. Այ.» գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն Քրիսթաֆըր Ռէյ ուրբաթ, 21 սեպտեմբեր 2018-ին այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երկրին իշխանութեան երեք պետերուն եւ ապահովական կառոյցի պատասխանատուներուն հետ:

Ռէյի բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին անոր ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ:

Ռէյ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որ շեշտեց, թէ Լիբանան կրցած է դիւրաւ դիմագրաւել իրեն սպառնացող ապահովական մարտահրաւէրներն ու ահաբեկչութիւնը` լիբանանեան բանակին մարտունակութեան, ինչպէս նաեւ բարեկամ երկիրներու, որոնց շարքին Մ. Նահանգներու, տրամադրած օժանդակութիւններուն շնորհիւ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց ապահովական մարզին մէջ լիբանանեան-ամերիկեան գործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորաբար նկատի ունենալով երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու լիբանանեան բանակին դերակատարութեան կարեւորութիւնը:

Իր կարգին Ռէյ հաստատեց, որ այս պաշտօնը ստանձնելէ ետք առաջին այցելութիւնն է դէպի Պէյրութ եւ դիտել տուաւ, թէ Ուաշինկթըն կառչած կը մնայ զինուորապէս լիբանանեան բանակին օժանդակելու յանձնառութեան:

Ռէյ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունի` ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակին մղած պայքարին համար:

Ռէյ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ռէյ այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որոնց հետ քննարկեց փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս` ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին մէջ:

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան Դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Քուէյթի Դէմ Ցեխարձակումները

Յաջորդը

Զօր. Աուն Այցելեց Պաալպեք-Հերմել

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.