Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Յանձնախումբ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Կենսական Պահանջ Է` Շարունակելու Բարեկարգումները»

September 18, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խալիլ. «2019-ի Պետական Ամավարկը Յաւելեալ Տուրքեր Պիտի Չպարտադրէ, Իսկ Պենզինի Սակը Պիտի Չսղի»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Նիստէն ետք Քանաան մեծապէս գնահատեց ելեւմուտքի նախարարին կողմէ պետական ամավարկի օրէնքներուն վերաբերող թիւ 5 յօդուածը յարգելու քայլը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ թիւ 5 յօդուածը առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը յարգուի, ասինքն` ելեւմուտքի նախարարին կողմէ պետական ամավարկը կը ներկայացուի Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին, նախքան տարուան աւարտը:

Քանաան հաստատեց, որ աւելի քան 30 երեսփոխան ներկայ գտնուեցան նիստին` դրուատելով ելեւմուտքի նախարարութեան հետ արձանագրուած գործակցութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ նախարար Խալիլի հետ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի նոյն հեզասահութեամբ` շեշտելով, որ եթէ աշխատանքը նոյն ձեւով շարունակուի, ապա կարելի է մինչեւ տարեվերջ լաւ արդիւնքներ ապահովել:

Քանաան նշեց, որ յանձնախումբը կոչ ուղղած է ելեւմտական եւ տնտեսական թղթածրարները քաղաքական տարակարծութիւններէն անջատելու` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը կենսական պահանջ է` շարունակելու բարեկարգումը:

Փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբին ծաւալած գործունէութիւնը եւ կատարած տնտեսական ցուցմունքները լիբանանեան պետութեան եւ պետական գանձարկղին համար մեծ գումարներ կրնան երաշխաւորել:

Միւս կողմէ, նախարար Խալիլ յայտնեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը քաղաքացիին վրայ յաւելեալ տուրքեր պիտի չպարտադրէ` աւելցնելով, որ պենզինի թիթեղին սակը 5000 լ. ոսկիով պիտի չսղի:

Նշենք, որ «Ախպար» օրաթերթը երէկուան իր թիւով գրած էր, թէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ անցեալ շաբաթ ժողովի մը ընթացքին յայտնած է, որ բնակարանային վարկերու տագնապը լուծելու համար պենզինի թիթեղի սակին վրայ 5000 լ. ոսկիով յաւելում պէտք է պարտադրել:

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. «Մաքրոն Ճշդուած Թուականին Պիտի Այցելէ Լիբանան» Շեշտեց Ֆուշէ

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Քուէարկութեան Դնելու Արշաւի Կը Նախաձեռնէ

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.