Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատրաստ Ենք Լիբանանի Հետ Լայն Գործակցութիւն Ունենալու Անոր Բոլոր Կարիքներուն Հասնելու» Շեշտեց Հաթեմի

Սեպտեմբեր 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի պաշտպանութեան նախարար գնդապետ-զօրավար Էմիր Հաթեմի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը Իրանի բարեկամ երկիրներուն մաս կը կազմէ: Ան շեշտեց, որ Իրան իրենց բարեկամ բոլոր պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններ եւ գործակցութիւն ունի: «Մենք պատրաստ ենք Լիբանանի հետ լայն գործակցութիւն ունենալու եւ անոր բոլոր կարիքներուն հասնելու», շեշտեց Հաթեմի:

Հաթեմի նշեց, որ Սուրիոյ հետ Իրանի զինուորական համագործակցութեան կարեւորագոյն կէտերն են բանակին վերակազմակերպումը եւ սուրիական զինուորական պաշտպանութեան սարքերու արտադրութիւնը, որպէսզի ան կարենայ իր ուժը վերագտնել: «Այս իմաստով Իրանի հանրապետութիւնը կրնայ մեծապէս օժանդակել Սուրիոյ», ըսաւ ան:

Հաթեմի նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը հետզհետէ կը բարելաւուի` աւելցնելով, որ ներկայիս արծարծուող հիմնական հարցը Սուրիոյ վերաշինութիւնն է: Ան ըսաւ, թէ ահաբեկիչներուն հակակշիռին տակ գտնուող սուրիական հողերուն մեծ մասը ազատագրուած է սուրիական բանակին կողմէ: «Այսուհանդերձ Սուրիոյ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, որովհետեւ տակաւին ահաբեկիչներուն եւ զինեալներուն կողմէ բռնագրաւուած հողեր կան: Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պէտք է երախտագէտ ըլլան սուրիական բանակին եւ անոր դաշնակիցներուն, որոնք զգետնեցին ահաբեկչութիւնը: Դիմադրութեան առանցքը միշտ պատրաստ է դիմադրելու Սուրիոյ դէմ որեւէ յարձակումի կամ բռնարարքի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ աշխարհին մէջ չկայ պետութիւն մը, որ յաղթական իր վիճակին քիմիական զէնքեր կ՛օգտագործէ:

Հաթեմի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր հանդիպումը նկատեց շատ լաւ` հաստատելով, որ Ասատի տրամադրութիւնները շատ բարձր են: Ան յայտնեց, որ Հըզպալլա անկախ կազմակերպութիւն է եւ նախկինէն շատ աւելի բարձր կարողութիւններ ունի: «Այս բոլորին կողքին Հըզպալլա արժէքաւոր եւ ընտիր անցեալ ունի` Լիբանանի պաշտպանութեան եւ բռնագրաւողը պատժելու ու անոր հեռացումը պարտադրելու առումով: Հըզպալլա ներկայիս աւելի լաւ կարողութիւններ ունի ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ Լիբանանի պաշտպանութեան առումով», շեշտեց Հաթեմի:

Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ յաղթանակը կը միտի խորացնել շրջանին եւ Սուրիոյ խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրացնել Միջին Արեւելքը: Հաթեմի յայտնեց, որ Հըզպալլա Սուրիա մուտք գործած է սուրիական կառավարութեան խնդրանքով եւ անոր հետ համագործակցութեամբ: «Հըզպալլա, ինչպէս իրանեան ուժերը, Սուրիոյ ապահովութեան պաշտպանութեան հսկեց իբրեւ անկախ եւ կարող ուժ: Մենք բոլորս պէտք է երախտագէտ ըլլանք Հըզպալլային», եզրափակեց Հաթեմի:

 

Նախորդը

Հուք. «Իրան Հըզպալլային 700 Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնէ Տարեկան Դրութեամբ»

Յաջորդը

Ներքին Գործոց Նախարարութինը Կը Հաստատէ Իր Մերժումը Մուսթաֆա Պատրէտտինի Անունով Փողոց Մը Կոչելու Որոշումին

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?