Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ուրբաթ, 21 սեպտեմբերին հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Քանատա, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ:
Քանատայի լիբանանեան համայնքը մեծապէս գնահատեց Ռայի պատրիարքին ջանքերը` Լիբանանը եւ լիբանանեան բոլոր համայնքները պաշտպանելու գծով:
Ռայի պատրիարքը իր կարգին շնորհաւորեց Քանատայի մարոնի համայնքի առաջնորդարանը, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցաւ եւ հիմնարկէքը կատարեց Հալիֆաքսի մէջ նոր եկեղեցւոյ` գնահատելով անոր կառուցման աշխատանքները:
Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան եւ ցաւ յայտնեց, որ երկրին մէջ քաղաքական պատասխանատուները կառուցելէ աւելի կը քանդեն:
Ռայի պատրիարքը մերժեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումը` հաստատելով, որ այս իմաստով իրենք լուռ պիտի չմնան, որովհետեւ այդ յապաղումը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Լիբանանի վրայ: