Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Այցելեց Պաալպեք-Հերմել

September 24, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Պաալպեք-Հերմել, ուր  դիմաւորուեցաւ նահանգապետ Պաշիր Խտըրի, ինչպէս նաեւ Պաալպեք-Հերմելի քաղաքապետական համադաշնակցութիւններու նախագահներուն եւ քաղաքապետերուն կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանին ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ Պաալպեք-Հերմել, լիբանանեան որեւէ այլ շրջանի նման, օրէնքին ենթակայ է, եւ լիբանանեան բանակը հոն ներկայ է:

«Պաալպեք-Հերմելի ապահովական կայունութիւնը հետզհետէ կ՛ամրապնդուի ո՛չ միայն բանակին ջանքերով, այլեւ ձեր բոլորին ճիգերով եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, ինչպէս նաեւ շրջանին հանդէպ ձեր սիրոյն շնորհիւ: Հոս գործադրուելիք ապահովական բազմաթիւ ծրագիրներու մասին խօսուեցաւ, սակայն մենք պարզապէս ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցինք, ինչպէս կը կատարենք լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն ըսաւ, որ Պաալպեք-Հերմելը լիբանանեան բանակին սրտին մէջ կը գտնուի, որովհետեւ անոր զաւակներուն մեծ մասը բանակայիններ են, իսկ այդ շրջանէն 800 հոգի նահատակուած է ի խնդիր Լիբանանի պաշտպանութեան: «Պաալպեքը քաղաքակրթութիւն է ու պատմութիւն, որ դրսեւորուեցաւ հոն տեղի ունեցած փառատօներուն ընդմէջէն, հակառակ անոր որ շատեր կասկածի տակ առին անոնց կազմակերպումը», շեշտեց զօր. Աուն:

Ան հաստատեց, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ իւրաքանչիւր օրինազանցութիւն խիստ պատասխան պիտի ստանայ, որպէսզի ապահովական կացութիւնը բարելաւուի: Ան ըսաւ, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ 980 բնակիչի դէմ բերման գիր գոյութիւն ունի` աւելցնելով, թէ անոնցմէ 120-ը արդէն իսկ լուծուած են տեղեկատուական միջոցներու լուսարձակներէն հեռու:

Իր կարգին, Խտըր շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Աունի` անոր կատարած այցելութեան համար եւ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը Պաալպեք-Հերմելի ապահովութիւնը եւ այդ շրջանի բնակչութեան արժանապատուութիւնը պաշտպանելու առումով:

 

Նախորդը

«Էֆ. Պի. Այ.»-ի Տնօրէնը Այցելեց Լիբանան

Յաջորդը

Այն Հելուէի Մէջ. Բանակը Ձերբակալեց Ահաբեկիչ Պահաէտտին Մահմուտ Հուժէյրը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.