Արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց Ղատիրի կոյուղիի հարցը, ինչպէս նաեւ Շուֆի մէջ կոյուղի հաստատելու համար վարկ տրամադրելու թղթածրարը:
Նիստէն ետք Ժապեր յայտնեց, որ յանձնախումբը պիտի գումարէ նաեւ այլ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին կոյուղիներու թղթածրարը` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան պետութիւնը հարիւր միլիոնաւոր գումարներ փոխ առած է` այդ կոյուղիները հաստատելու, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը հաստատուած է:
Ժապեր ըսաւ, որ յանձնախումբը Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդէն, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի նախարարութենէն պահանջած է ամբողջական տեղեկագիր տրամադրել եւ Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր կոյուղիներուն քարտէսը տրամադրել յանձնախումբին:
Ժապեր յայտնեց, որ յանձնախումբը վաւերացուցած է Ղատիրի ու Շուֆի կոյուղիներուն վերաբերող օրինագիծերը եւ որոշած հանդիպիլ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին հետ` քննարկելու համար «Սետր»-ի խորհրդաժողովի ծրագիրներուն վերաբերող զարգացումները, նկատի ունենալով այդ ծրագիրները գործադրելու առումով Լիբանանի արձանագրած ուշացումը:



