Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիան Դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Քուէյթի Դէմ Ցեխարձակումները

September 24, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահեց Լիբանանի միւֆթիներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի դէմ արձանագրուած ցեխարձակումները, որոնք կը նպաստեն այս կամ այն առանցքին շահերուն եւ անոնց ծրագիրներուն: Միւֆթիներու խորհուրդը շեշտեց, որ այդ մօտեցումները կը միտին արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները հարուածել` վերահաստատելով իրենց մերժումը Ծոցի երկիրներուն դէմ արձանագրուած վարկաբեկիչ յայտարարութիւններուն:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին դիմելու օրինական բոլոր միջոցներուն` պատժելու համար նման չարիքի հեղինակները:

Միւֆթիներու խորհուրդը երկրին տարածքին գործող բոլոր մզկիթներուն իմամներէն պահանջեց արտասանել այնպիսի քարոզներ, որոնք կ՛ամրապնդեն լիբանանցիներուն գիտակցութիւնը եւ կը մղեն զանոնք բարոյական արժէքներուն յանձնառու մնալու, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան կառչած մնալու եւ ամրապնդելու զանոնք:

Միւֆթիներու խորհուրդը անդրադարձաւ նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին եւ քաղաքական ուժերուն կողմէ վարչապետին աշխատանքը խոչընդոտելու յաջորդական քայլերուն` հաստատելով, որ այդ քայլերը վտանգաւոր տուեալներ կը նկատուին` Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կայունութեան սպառնացող:

Միւս կողմէ, միւֆթի Տըրիան ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, արաբական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումը:

Հանդիպումին ընթացքին Նաժարի մեծապէս գնահատեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ կրօնական ու յարանուանական բազմազանութիւնը եւ Լիբանանի դերակատարութիւնը` ուրիշին հանդէպ սիրոյ, յարգանքի եւ գործակցութեան պատգամով առաջնորդուելու իմաստով:

Իր կարգին, միւֆթի Տըրիան շեշտեց Եգիպտոսի դերակատարութիւնը, որ կ՛երաշխաւորէ շրջանին մէջ արաբներուն եւ իսլամներուն գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կայունութեան եւ բարգաւաճման նկատմամբ Եգիպտոսի յանձնառութիւնը:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Ուղղեց Հանդարտ Մնալու, Երկխօսութիւն Կատարելու Եւ Պատասխանատուութիւնները Ստանձնելու

Յաջորդը

«Էֆ. Պի. Այ.»-ի Տնօրէնը Այցելեց Լիբանան

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.