Աշուրայի նախօրեակին երէկ երեկոյեան Հարաւային արուարձաններու Աշուրայի շրջափակին մէջ հազարաւոր մարդիկ ներկայ գտնուեցան սուգի երեկոյին, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը:
Հակառակ այս առիթով անձամբ ներկայ գտնուելու իր սովորութեան, սէյիտ Նասրալլա պաստառին ընդմէջէն պանծացուց Աշուրայի սգատօնը եւ Հիւսէյնի յիշատակը` խոստանալով հաւատարիմ մնալ անոր ուղիին, որ ի դէպ այս տարուան Աշուրայի կարգախօսին վերածուած է:
Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թշնամին ճշդելու գիտակցութեան ու կարողութեան եւ բազմաթիւ փաստերով հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց թշնամին կը նկատուին` շրջանին մէջ անոնց գործած չարիքներուն եւ դաւադրութիւններուն համար:
Սէյիտ Նասրալլա հարց տուաւ Ուաշինկթընին զօրակցող եւ զայն դաշնակից ու բարեկամ նկատողներուն, որ արդեօք դժուա՞ր է անոնց համար տեսնել Միացեալ Նահանգներու դաւադրութիւնը պաղեստինցիներուն եւ Սուրիոյ դէմ, ինչպէս նաեւ անոնց անծայրածիր եւ բացարձակ զօրակցութիւնը Իսրայէլին, որ մայր չարիքն է շրջանին, ինչպէս նաեւ անսահման ֆինանսաւորումը եւ օժանդակութիւնը հաւատադրժողական խմբաւորումներուն, յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ին եւ Ժապհաթ Նուսրային, որոնք շրջանին փորձանքն են տարիներէ ի վեր:
Սէյիտ Նասրալլա զգաստութեան կոչ ուղղեց բոլորին` անդրադառնալու Միացեալ Նահանգներու իսկական դէմքին եւ ծրագիրներուն, որոնցմէ վերջինը ՈՒՆԵՐՈՒԱ-յի ֆինանսաւորման կասեցումն է, որուն նպատակն է պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնել այն երկիրներուն մէջ, ուր անոնք կը գտնուին, եւ անոնց շարքին է Լիբանանը:
Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Հըզպալլա պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ մնալ` ցնոր տնօրինում: Ան ընդգծեց, որ այս տարուան ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ը զինուորապէս վերջ պիտի գտնէ Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ:
Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց քիւրտերուն իրենց գրաւը չդնելու ամերիկացիներուն վրայ, որովհետեւ անոնք մետասաներորդ պահուն կրնան զիրենք վաճառել: Սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ դէմ գործուող յաճախական բռնարարքները, յատկապէս անոնք, որոնք կը կատարուին Լիբանանէն` լիբանանեան օդային սահմանները խախտելու իբրեւ հետեւանք: «Ճիշդ է, որ լիբանանեան իշխանութիւնները հաղորդագրութեամբ կը բողոքեն այդ արարքներուն դէմ, սակայն կ՛ակնկալենք նաեւ, որ Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդին մօտ բողոքէ Իսրայէլի դէմ, ինչպէս նաեւ մտածէ իսրայէլեան այդ արարքներուն վերջ տալու միջոցներուն մասին», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հարցին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ կառավարութիւնը կազմելու ոչ մէկ նշոյլ կայ` աւելցնելով, որ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, այդ իմաստով սառած վիճակ կը տիրէ: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն ըմբռնելու, թէ ի վերջոյ անոնք իրարու հետ պիտի գործեն, նոյն սեղանին շուրջ պիտի աշխատին ու պատասխանատուութիւն ստանձնեն: «Հետեւաբար պէտք է հեռու մնալ լաուածութենէն, ինքնազսպումի ենթարկուիլ եւ շարունակել երկխօսութիւնն ու խոհրդակցութիւնները», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան Հըզպալլայի ներկայացուցած ընտրական ծրագիրին, մասնաւորաբար փտածութեան դէմ պայքարելու եւ բարեկարգում իրագործելու առումով», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ պատերազմի իր սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ղեկավարներու հետապնդումն ու ահաբեկումը, «սակայն ինչպէս ծանօթ է բոլորին, Հըզպալլա Լիբանանի եւ շրջանին մէջ արձանագրուած յաղթանակներուն առաջնագիծին վրայ կը գտնուի, եւ ան նոյնպէս պիտի շարունակէ Լիբանանի ու շրջանի մարտահրաւէրներէն յաղթական դուրս գալ», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա` կոչ ուղղելով բոլորին խիտ շարքերով մասնակցելու Աշուրայի այսօրուան երթերուն: