Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Օրէնսդրական Նիստի

September 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի եւ դիւանի անդամներ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր, Ալեն Աուն, Միշել Մուսա, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր եւ ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսա:

Նիստին ընթացքին Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց երկօրեայ օրէնսդրական նիստի, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 24 եւ երեքշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Ցերեկային նիստերուն կողքին պիտի գումարուին նաեւ գիշերային նիստեր, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին մեծ թիւով օրինագիծեր:

Նիստէն ետք Ֆըրզլի նշեց, որ նկատի ունենալով երկրին կացութիւնը, խորհրդարանը որոշեց բոլոր մակարդակներուն վրայ շարժել երկրին անիւը` վաւերացնելով կարելի եղածին չափ մեծ թիւով օրինագիծեր:

Ֆըրզլի յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին շուրջ քաղաքական ուժերը համախոհութիւն ցուցաբերած են` աւելցնելով, որ օրէնսդրական նիստը կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումին պատճառով չէ, այլ` քաղաքացիներուն աշխատանքները դիւրացնելու:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ յետմիջօրէին ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռեմպլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները:

Պըրրի մեծապէս գնահատեց Բրիտանիոյ օժանդակութիւնը լիբանանեան բանակին, յատկապէս լիբանանեան-սուրիական սահմանները պաշտպանելու համար լիբանանեան բանակին Բրիտանիոյ տրամադրած ռազմական սարքերն ու դիւրութիւնները:

Իր կարգին, Ռեմպլինկ շեշտեց, որ Բրիտանիոյ համար Լիբանանի հզօրացումը կարեւոր է: Ան հաստատեց, որ Բրիտանիա պիտի շարունակէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան ու բարգաւաճման զօրակցիլ:

 

Նախորդը

«Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Մէկ Նշոյլ Կայ, Իսկ Մենք Պիտի Շարունակենք Սուրիոյ Մէջ Մնալ Եւ Լիբանանի Ու Շրջանի Մարտահրաւէրներէն Յաղթական Դուրս Գալ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

«Ո՛չ Լիբանանեան Թղթոսկիին Արժէքը Վտանգուած Է Եւ Ո՛չ Ալ Երկիրը Սնանկանալու Ճամբուն Վրայ Կը Գտնուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.