Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխվարչապետ Հասպանի Այցելեց Քարանթինայի Պետական Հիւանդանոց

December 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ եւ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին այցելեց Քարանթինայի պետական հիւանդանոց` ընկերակցութեամբ ծրագրումի նախարար Միշել Ֆարաոնի եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, Նիքոլա Սահնաուիի, Իմատ Ուաքիմի, Նատիմ Ժեմայէլի եւ Անթուան Փանոյի:

Այցելութիւնը ընդգրկեց գործող շէնքը, ուր մանկաբուժութեան յատուկ բաժանմունք ստեղծուած է արդէն, ինչպէս նաեւ նորակառոյց շէնքը, որ անհրաժեշտ սարքաւորումներով օժտուելէ ետք գործածական պիտի ըլլայ յառաջիկայ տարուան ընթացքին:

Քարանթինայի պետական հիւանդանոցի խորհուրդի նախագահ տոքթ. Միշել Մաթար բարի գալուստի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց փոխվարչապետ Հասպանիին` հիւանդանոցին համալսարանական կոչում շնորհելուն համար, համագործակցաբար Լիբանանեան համալսարանին հետ: Ան ընդգծեց հիւանդանոցի դիրքին կարեւորութիւնը` աշխարհագրական շրջանի մը մէջ, ուր մօտ կէս միլիոն լիբանանցիներ կ՛ապրին Էշրեֆիէէն Մտաուար, Պուրճ Համուտ, Սին Էլ Ֆիլ եւ Տըքուանէ:

Նախարար Հասպանի իր ուրախութիւնը յայտնեց այս հիւանդանոցին աշխուժ գործունէութեան եւ յառաջդիմութեան համար, հակառակ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, եւ շնորհաւորեց անոր համալսարանական կոչումը:

Հասպանի ըսաւ, թէ Քարանթինայի հիւանդանոցը պետական օրինակելի հիւանդանոց է, որ կը յաջողի նիւթապէս ինքնաբաւ ըլլալ շնորհիւ լաւ կառավարման:

Ան ընդգծեց, որ պաշտօնեաները չդադրեցուցին իրենց աշխատանքը նոյնիսկ գործադուլներուն ընթացքին: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Թրիփոլիի մէջ պաղեստինցի երեխայ Մոհամետ Մաժտիի մահուան համար, հակառակ տրուած բժշկական բոլոր դարմանումներուն, եւ կոչ ուղղեց հաղորդակցութեան միջոցներուն յարգանքով եւ ոչ թէ շահագործումի հասկացողութեամբ մօտենալու մարդկային դժբախտութեան:

Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

 

Նախորդը

Թրամփը Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն Չհեռացնել Համոզելու Առումով Ձախողելէն Ետք. Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը Հրաժարեցաւ

Յաջորդը

Պըրրի Կ՛ընդունի Իրանի Դեսպանն Ու Ֆրանսական Խորհրդարանէն Պատուիրակութիւն Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.